Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է.-
«Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25րդ տարեդարձին առիթով՝ 2016 թուականի Սեպտեմբեր 20ին Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը
պիտի ներկայացնէ «Եղեռնէն դէպի անկախութեան վերականգնումե խորագիրով ժամանակաւոր ցուցադրութիւնը:
Այս ցուցադրութեան մէջ պիտի ներառուին հազուագիւտ դրօշներ ու զինանշանային յօրինուածքներ, որոնք պատրաստուած են 18-20րդ դարերուն, հայ ազատագրական պայքարի տարիներուն: Բացառիկ նմոյշներ են Մեծ Եղեռնէն ետք հայ որբերու պատրաստած դրօշներն ու զինանշանները:
«Այս ցուցանմոյշներուն մեծ մասը, որոնք կը ներկայացնեն հայաստանեան ու արտասահմանեան շարք մը թանգարաններու հաւաքածուները, պիտի ցուցադրուին առաջին անգամ ըլլալով:
«Այս պատկերագրութեան նմոյշները կը ներառեն գորգեր, փորագրանկարներ, արծաթէ իրեր, նամականիշներ, բացիկներ, գիրքեր ու ալպոմներ, ինչպէս նաեւ` «Մայր Հայաստանեի կերպարով տարբեր յօրինուածքներ: Ցուցադրութեան գլխաւոր հովանաւորն է Վիւասել-ՄԹՍեը: