Սեպտեմբեր 3ին, յետ երկարատեւ ու ծանր հիւանդութեան, իր մահկանացուն կնքած է Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեան:
Ծնած է 1953ին, Երեւան: 1976ին աւարտած է Երեւանի պետական համալսարանի բանասիրական բաժինը, 1977էն աշխատանքի անցած է Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց»
Մատենադարանին մէջ` նախ որպէս աւագ աշխատակից, ապա կրտսեր ու աւագ գիտաշխատող: 1988էն 1991 ան վարած է «Սովետական գրող» հրատարակչութեան գլխաւոր խմբագրի, իսկ 1991էն 1993 ՝ «Նայիրի» հրատարակչութեան տնօրէնի պաշտօնները:
Գրողներու միութեան անդամ էր 1986էն ի վեր: 1993ին նշանակուած է Հ.Հ. կառավարութեան առընթեր հրատարակչական գործերու վարչութեան պետ, իսկ 1995-1997 տարիներուն ղեկավարած է Հ.Հ. տեղեկատուութեան նախարարութիւնը:
Հրաչեայ Թամրազեան 1997-2007 տարիներուն միաժամանակ աշխատած է որպէս «Նայիրի» հրատարակչութեան տնօրէն եւ Մատենադարանի աւագ գիտաշխատող:
1999ին ստացած է բանասիրական գիտութիւններու դոկտորի աստիճան: Մատենադարանի տնօրէնի պաշտօնը կը վարէր 2007էն ի վեր: Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի թղթակից անդամ դարձած էր 2014ին: Հրաչեայ Թամրազեան բազմաթիւ մենագրութիւններու, գիտական յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ է:
Իր ուսումնասիրութիւնները գլխաւորաբար կ՚առնչուին միջնադարագիտութեան, յատկապէս՝ նարեկացիագիտութեան բնագաւառին: