­altՀա­յաս­տա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րու սպա­յա­կան կազ­մի հա­մալ­րու­մը ա­պա­հո­վող ­Վազ­գէն ­Սարգ­սեա­նի ա­նուան ռազ­մա­կան հա­մալ­սա­րա­նի հրա­մա­նա­տա­րա­կան ղե­կա­վար­ման մարմ­նի բա­ժան­մուն­քի դա­սըն­թաց­նե­րը այս տա­րո­ւան մէկ ­Սեպ­տեմ­բե­րին ըն­թացք ա­ռին նո­րա­կա­

ռոյց շէն­քի մէջ։ ­Հա­յաս­տա­նի պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար ­Սէյ­րան Օ­հա­նեա­նի եւ բարձ­րաս­տի­ճան սպա­յա­կան կազ­մի մաս­նակ­ցու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ շէն­քի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը:

Լ­րագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած զրոյ­ցի ըն­թաց­քին նա­խա­րար Օ­հա­նեան դի­տել տո­ւաւ, որ զի­նո­ւած ու­ժե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րուն կա­րե­ւո­րա­գոյ­նը ռազ­մա­կան կրթու­թեան բա­ղադ­րի­չի զար­գա­ցումն է, ո­րուն գծով վեր­ջին տա­րի­նե­րուն բա­ւա­կան լուրջ աշ­խա­տանք տա­րո­ւած է: «­Մեր ժո­ղովր­դին, փա­ռա­պանծ բա­նա­կին շնոր­հա­ւո­րում եմ այս կրթա­կան հա­մա­լի­րի բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ: ­Հա­յոց բա­նա­կի զին­ծա­ռա­յո­ղը պէտք է կրթո­ւի ու յե­տոյ գործ­նա­կան ծա­ռա­յու­թեան ըն­թաց­քում կի­րա­ռի եւ ամ­րապն­դի ձեռք բե­րած գի­տե­լիք­նե­րը:

Ն­րանք հա­մա­պա­տաս­խան գի­տե­լիք­ներ, հմտու­թիւն­ներ են ձեռք բե­րե­լու, որ կա­րո­ղա­նան մշա­կել ժա­մա­նա­կա­կից մար­տա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­ներ, ա­րագ կողմ­նո­րո­շո­ւեն ցան­կա­ցած ի­րադ­րու­թիւ­նում ու դրա գնա­հատ­ման ար­դիւն­քում ըն­դու­նեն հա­մա­պա­տաս­խան ո­րո­շում­ներ»,- յայտ­նած է նա­խա­րար Օ­հա­նեան։