Յունիս, Յուլիս եւ Օգոստոս 2016ի ընթացքին, Հայաստան-Արցախ հիմնադրամը $4,3 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան՝ վեց թռիչքներով եւ տասը ծովային արկղերով։
Օժանդակութիւնը իրականացնելու համար, Հայաստան-Արցախ հիմնադրամը $3 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղորայք եւ այլ մարդասիրական պիտոյքներ ապահո
ված է Direct Relief International կազմակերպութենէն ($1,4 միլիոն), Քանատայի Health Partners International կազմակերպութենէն ($811.000), AmeriCares կազմակերպութենէն ($620.000) եւ Կաթողիկէ Բժշկական Առաքելութեան Հոգաբարձութենէն ($146.000)։
Հետեւեալ կազմակերպութիւնները եւս արժէքաւոր ապրանքներ նուիրած են այս ժամանակաշրջանին - Prime Healthcare ($777.000), Ամերիկայի Հայ Աւետարանական Ընկերակցութիւնը ($181.000), Foundation SEMRA Plus՝ Զուիցերիա ($128,000), Project AGAPE ($103.000) եւ Հայ Որբերու Օգնութեան Միութիւնը ($111.000)։
Յունիսի, Յուլիսի եւ Օգոստոսի ընթացքին Հայաստան-Արցախ հիմնադրամի առաքած նպաստը ներառած է մեծապէս անհրաժեշտ դեղեր՝ քաղցկեղի, սրտի, աղիքներու եւ մտային հիւանդութիւններու դարմանման համար, ինչպէս նաեւ դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ՝ վերջերս Արցախի դէմ ատրպէյճանական յարձակումներուն պատճառաւ վիրաւորուածներու խնամքին համար։
1 Դեկտեմբեր 2015ին հիմնադրուելէ ի վեր, Հայաստան-Արցախ հիմնադրամը $18,5 միլիոն արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն հայթայթած է Հայաստանի ու Արցախի բնակչութեան՝ 20 թռիչքներով եւ 34 ծովային արկղերով։
Տրուած ըլլալով, որ Հայաստան-Արցախ հիմնադրամը այն կազմակերպութիւնն է, որ յաջորդած է Միացեալ Հայկական հիմնադրամին, 1989էն ի վեր զոյգ կազմակերպութիւններուն կողմէ հայրենիքին տրամադրուած նպաստի ընդհանուր արժէքն է $738,5 միլիոն։