Հայաստանի Սիւնիքի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան 1 Սեպտեմբերին, գիտելիքի եւ դպրութեան օրուան առիթով, Գորիսի պետական համալսարանին մէջ մասնակցած է հայ հասարակական-քաղաքական գործիչ, գրող, փիլիսոփայ Շահան Նաթալիի (Յակոբ Տէր-Յակոբեան) յիշատակը յաւերժաց
նող կիսանդրիի բացման հանդիսաւոր արարողութեան: Անոր յիշատակը յաւերժացնելու նախաձեռնութեան հեղինակն ու հովանաւորը մարզպետ Խաչատրեանն է:
Կիսանդրիին բացումը կատարեցին քանդակի հեղինակ Նարեկ Օրդեան եւ Գորիսի պետական համալսարանի նախագահ Արտուշ Ղուկասեան: Այս առիթով մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեան բարեմաղթութիւններ յղած է ուսանողներուն, դասախօսական կազմին՝ նոր ուսումնական տարուան առիթով, եւ անոնց յաջողութիւն մաղթած է: Ձեռնարկի ընթացքին հնչած են նաեւ ստեղծագործութիւններ Շահան Նաթալիի թողած գրական ժառանգութենէն: