­altՀա­յաս­տա­նի նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան հիւ­րըն­կա­լած է 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան բարձր յա­ռաջ­դի­մու­թիւն ցու­ցա­բե­րած` ­Հա­յաս­տա­նի հան­րակր­թա­կան ու­սում­նա­կան հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու շքան­շա­նա­կիր շրջա­նա­ւարտ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ՝ դպրո­ցա­կան­նե­

րու մի­ջազ­գա­յին ա­ռար­կա­յա­կան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն 2016ին յա­ջո­ղու­թիւն­նե­րու հա­սած` մայ­րա­քա­ղա­քի եւ մար­զե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը, «­Քեն­կու­րու» մի­ջազ­գա­յին ու­սո­ղու­թեան եւ հա­յոց լե­զո­ւի «­Մե­ղու» մրցում­նե­րու մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը:

­Նա­խա­գահ ­Սերժ ­Սարգ­սեան պա­տաս­խա­նած է հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը հե­տաքրք­րող հար­ցում­նե­րուն, որ­մէ ետք ար­դէն ա­ւան­դա­կան դար­ձած հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին շրջա­նա­ւարտ­ներն ու ա­շա­կերտ­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին եւ ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րին կող­մէ ստա­ցած են ի­րենց պար­գեւ­նե­րը` շքան­շան­նե­րը, հա­ւաս­տա­գիր­ներն ու նո­ւէր­նե­րը:

­Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է հան­դիպ­ման մաս­նա­կից­նե­րը իր նստա­վայ­րին մէջ, շնոր­հա­ւո­րած ու­սում­նա­ռու­թեան մէջ ձեռք­բե­րում­նե­րուն հա­մար, մաղ­թած հե­տա­գայ նո­րա­նոր յա­ջո­ղու­թիւն­ներ:

Ան ը­սած է.- «Ար­դէն տե­ւա­կան ժա­մա­նակ է, որ ա­մէն տա­րի այս դահ­լի­ճը կը հրա­ւի­րո­ւին դպրո­ցա­կան հե­րոս­նե­րը, ա­նոնք, ո­րոնք ու­րիշ­նե­րէ կը տար­բե­րին ի­րենց գի­տե­լիք­նե­րով, կը սոր­վին գե­րա­զան­ցա­պէս, դպրո­ցը կ­՛ա­ւար­տեն ոս­կիէ շքան­շա­նով եւ կը մաս­նակ­ցին հա­մաշ­խար­հա­յին ա­ռար­կա­յա­կան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն, կը դառ­նան մրցա­նա­կա­կիր­ներ ու «­Քեն­կու­րու» եւ «­Մե­ղու» մրցում­նե­րու յաղ­թող­ներ:

«Այս տա­րի ­Հա­յաս­տա­նի դպրո­ցա­կան­նե­րը մի­ջազ­գա­յին ա­ռար­կա­յա­կան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րէն վե­րա­դար­ձած են 15 մրցա­նակ­նե­րով` 1 ոս­կի, 3 ար­ծաթ եւ 11 պրոն­զէ շքան­շան­նե­րով: Ա­սի­կա, վստա­հա­բար, փայ­լուն նո­ւա­ճում է, եւ ես ան­կեղ­ծօ­րէն եր­ջա­նիկ եմ, որ վեր­ջին ութ-տա­սը տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին մեր դպրո­ցա­կան­նե­րը այդ ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րէն կը վե­րա­դառ­նան 15էն 20 շքան­շան­նե­րով:

­Միայն մեր բնա­գի­տու­թեան եւ ու­սո­ղու­թեան դպրո­ցը ա­ւե­լի շատ մրցա­նակ­ներ շա­հած է, քան Վ­րաս­տանն ու Ատր­պէյ­ճա­նը միա­սին: Ա­սի­կա չա­փա­զանց կա­րե­ւոր եւ մեծ ցու­ցա­նիշ է, որ պա­տիւ կը բե­րէ ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի»,- նշած է նա­խա­գա­հը: