alt29 Օ­գոս­տո­սին ­Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան Ե­րե­ւա­նի մէջ ըն­դու­նեց ­Գեր­մա­նա­կան-­Հայ­կա­կան ­Հա­մախմ­բու­մի պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը` ա­նոր նա­խա­գահ, ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ Ալ­պերթ ­Վայ­լե­րի գլխա­ւո­րու­

թեամբ:

­Նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան կա­րե­ւոր նկա­տեց կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը` հայ-գեր­մա­նա­կան բա­րե­կա­մա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յա­ւե­լեալ ամ­րապնդ­ման ու ընդ­լայն­ման ա­ռու­մով:
Զ­րու­ցա­կից­նե­րը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­ցին ­Հա­յաս­տա­նի եւ ­Գեր­մա­նիոյ մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րո­ւած բարձր մա­կար­դա­կի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար եւ քննար­կե­ցին փոխ-յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խո­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կո­ւող քայ­լե­րը:
Ալ­պերթ ­Վայ­լեր նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեա­նին ներ­կա­յա­ցուց հա­մախմ­բու­մին կող­մէ կա­տա­րո­ւող աշ­խա­տանք­նե­րը եւ յա­ռա­ջի­կայ ծրա­գիր­նե­րը:

­Նա­խա­րար ­Նալ­բան­դեան բարձր գնա­հա­տեց ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին կող­մէ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չու­մը եւ ար­ժե­ւո­րեց ­Գեր­մա­նա­կան-­Հայ­կա­կան ­Հա­մախմ­բու­մի ան­դամ­նե­րուն կա­րե­ւոր ջան­քե­րը այդ հո­լո­վոյ­թին մէջ:

­Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տարուե­ցաւ ­Հա­յաս­տան-Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թիւն յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն: Այս ա­ռու­մով Է­դո­ւարդ ­Նալ­բան­դեան ներ­կա­յա­ցուց միու­թեան հետ նոր ի­րա­ւա­կան հիմ­քի շուրջ բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քը: Ան նաեւ լու­սար­ձա­կի տակ ա­ռաւ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ե.Ա.Հ.Կ.ի ­Մինս­քի Խմ­բա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն ջան­քե­րը` ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի տագ­նա­պը բա­ցա­ռա­պէս խա­ղաղ ճամ­բով լու­ծե­լու առն­չու­թեամբ:

Ա­պա՝ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեա­նի հետ, որ բարձր գնա­հա­տեց Ալ­պերթ ­Վայ­լե­րի ու­նե­ցած ներդ­րու­մը եր­կու եր­կիր­նե­րու միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան եւ միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թեանց ա­ռա­ւել խո­րաց­ման եւ զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գա­հը ող­ջու­նած է տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան ամ­րապնդ­ման, փոխվս­տա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման, ինչ­պէս նաեւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խթան­ման առն­չո­ւող գեր­մա­նա­կան կող­մի ջան­քե­րը: Այս պա­րու­նա­կին մէջ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան կա­րե­ւոր նկա­տած է ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նի ան­դամ­նե­րուն Ար­ցախ այ­ցե­լու­թիւ­նը։

­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է ­Պուն­թես­թա­կին՝ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը դա­տա­պար­տող օ­րի­նա­գի­ծի ըն­դուն­ման հա­մար: «­Հա­մո­զո­ւած եմ, որ նման ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­ներն ըն­դու­նե­լու եւ դա­տա­պար­տե­լու ճա­նա­պար­հով միայն հնա­րա­ւոր կը լի­նի կան­խել դրանց կրկնու­թիւնն ա­պա­գա­յում», յայտ­նած է ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան: