­altՀա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան 27 Օ­գոս­տո­սին Ի­ջե­ւա­նի մէջ ներ­կայ գտնո­ւած է ­Տա­ւու­շի մար­զի հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րու տնօ­րէն­նե­րու եւ ման­կա­վարժ­նե­րու օ­գոս­տո­սեան խորհր­դակ­ցու­թեան: Կր­թա­կան նոր շրջա­նի նա­խա­պատ­րաս­

տա­կան աշ­խա­տանք­նե­րու մեկ­նար­կին նո­ւի­րո­ւած աշ­խա­տան­քա­յին խորհր­դակ­ցու­թեան սկիզ­բը մարզ­պե­տա­րա­նի կրթու­թեան, ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ մարմ­նակր­թու­թեան վար­չու­թեան պետ ­Կա­րէն ­Նա­զա­րեան ներ­կա­յա­ցու­ցած է 2015-2016 ու­սում­նա­կան տա­րեշր­ջա­նին մար­զի կրթու­թեան ո­լոր­տին մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւած աշ­խա­տան­քե­րուն հա­շո­ւե­տո­ւու­թիւ­նը:

Ն­շո­ւած է, որ մար­զին մէջ կը գոր­ծէ 81 հան­րակր­թա­կան դպրոց, 4ը՝ ա­ւագ: 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րին ա­ռա­ջին դա­սա­րան­ցի­նե­րուն թի­ւը ե­ղած է 1737, իսկ նոր ու­սում­նա­կան տա­րո­ւան պա­րա­գա­յին այդ թի­ւը նա­խա­տե­սո­ւած է ըլ­լայ 1792: ­Մար­զին մէջ կը գոր­ծեն 48 նա­խադպ­րո­ցա­կան հիմ­նարկ­ներ, եւ աշ­խա­տանք­ներ կը տա­րուին ման­կա­պար­տէզ­ներ, նաեւ նա­խակր­թա­րան­ներ եւ ման­կա­պար­տէզ յա­ճա­խող ե­րե­խա­նե­րու թի­ւի բարձ­րաց­ման ուղ­ղու­թեամբ:

2016ին նա­խակր­թա­րան­ներ պի­տի բա­ցո­ւին ման­կա­պար­տէզ չու­նե­ցող 8 շրջան­նե­րու մէջ: ­Մար­զի 77 հան­րակր­թա­կան դպրոց­նե­րէն 32ը ու­նին տե­ղա­կան ջե­ռու­ցում, 2 դպրոց ջեր­մու­թիւն կ­՛ա­պա­հո­վեն ե­լեկտ­րա­կան սա­լիկ­նե­րով, 41 դպրոց՝ գա­զով, 2 դպրոց՝ տի­զե­լա­յին վա­ռե­լա­նիւ­թով գոր­ծող վա­ռա­րան­նե­րով։ 2015ին պե­տա­կան պիւտ­ճէով վե­րա­նո­րոգ­ման աշ­խա­տանք­ներ կա­տա­րո­ւած են ­Կող­բի թիւ 1, ­Ներ­քին ­Ծաղ­կա­ւա­նի, Ի­ջե­ւա­նի թիւ 5, ­Գան­ձա­քա­րի, Ար­ճի­սի դպրոց­նե­րուն մէջ:

­Մար­զի դպրոց­նե­րուն մէջ կը դա­սա­ւան­դեն շուրջ 2120 ու­սու­ցիչ­ներ, ո­րոնց մեծ մա­սը ու­նի բարձ­րա­գոյն կրթու­թիւն:
2013-2016 թո­ւա­կան­նե­րուն տա­րա­կար­գի ստա­նա­լու հա­մար մար­զէն 12 ու­սու­ցիչ դի­մած է ­Հա­յաս­տա­նի կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թիւն եւ ստա­ցած ո­րա­կա­ւոր­ման ա­ռա­ջին աս­տի­ճան:

­Հա­յաս­տա­նի կա­ռա­վա­րու­թեան ծրա­գի­րով եւ ­Տա­ւու­շի մարզ­պե­տա­րա­նի ա­ջակ­ցու­թեամբ 2015-2016 տա­րեշր­ջա­նին զո­հո­ւած, հաշ­ման­դամ դար­ձած զի­նո­ւոր­նե­րու, ծնո­ղա­զուրկ եւ ըն­կե­րա­յին հար­ցեր ու­նե­ցող բազ­մա­զա­ւակ ըն­տա­նիք­նե­րու 7-13 տա­րե­կան 220 դպրո­ցա­կան­ներ ի­րենց ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը ան­ցու­ցած են ­Հան­քա­ւա­նի «­Լու­սա­բաց» ճամ­բա­րին մէջ:
Մ.Ա.Կ.ի «Դպ­րո­ցա­կան սնունդ» ծրա­գի­րով ­Տա­ւու­շի մար­զի դպրոց­նե­րուն 1-4րդ ­դա­սա­րան­ցի­նե­րը եւս անվ­ճար սնունդ կը ստա­նան: