Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին 1 Սեպտեմբերին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 3 Սեպտեմբերը ներառեալ: Լ.Ղ.Հ. Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին համաձայն՝ տօնական նախաձեռնու
թիւնները ընթացք պիտի առնեն Արցախի դպրոցներէն, ուր պիտի տրուին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» նիւթով դասեր:
Նոյն օրը, Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ, պիտի կայանան մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, իսկ Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ պուրակին մէջ` զինուորական նուագախումբի համերգ:
Այնուհետեւ, 2 Սեպտեմբերին, տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին երթով` Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն դէպի քաղաքային յուշահամալիր:
Նախատեսուած են նաեւ բացօթեայ տօնական միջոցառումներ` Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան պուրակին, Շարլ Ազնաւուրի անուան կեդրոնին մէջ, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ կից եւ այլ վայրերու մէջ: Նոյն օրը մշակոյթի եւ երիտասարդութեան պալատին մէջ տեղի պիտի ունենան «Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը» խորագիրով ցուցահանդէսի, իսկ Շուշիի մէջ հանրակացարանային համալիրի բացման հանդիսութիւնները:
Երեկոյեան Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանան տօնական համերգ եւ հրավառութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25րդ տարեդարձին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պիտի եզրափակուին 3 Սեպտեմբերին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ նոր թաղամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ: