altԸմբիշ Արթուր Ալեքսանեան Երեքշաբթի օր յաղթեց Քուպան ներկայացնող Եասմանի Տանիէլ Լուկօ Գաբրերային, եւ քսան տարուան ընդմիջումէ ետք, Հայաստանին պարգեւեց Ողիմպիական առաջին ոսկի մետալը: Այս մասին կը հաղորդէ

Armenpress.am-ը։
Մետալը ստանալու պահուն, Ողիմպիական ախոյաեանը հագած էր իր համաքաղաքացի հերոս նահատակ Ռոպերթ Աբաջեանի նկարը կրող շապիկ մը:

Յաղթանակս կը նուիրեմ սահմանին կագնած Հայ զինուորին եւ պատերազմի բոլոր զոհերուն. Արթուր Ալեքսանեան

Մետալը ստանալու պահուն, Ողիմպիական ախոյաեանը հագած էր իր համաքաղաքացի հերոս նահատակ Ռոպերթ Աբաջեանի նկարը կրող շապիկ մը:
«Դուք ալ տեսաք, որ ինքս ալ արդէն ուժասպառ եղած էի: Ամենակարեւորը այն է, որ գօտեմարտի ժամանակ չանջատուեցայ: Ուրախ եմ, հպարտ, որ 20 տարուան դադարէն ետք Հայաստան կրկին ոսկէ մետալ կը նուաճէ Ողիմպիական խաղերուն: Ապրիլեան պատերազմէն ետք շատ ազդուած էի եւ դեռ այն ժամանակ որոշած էի, որ ախոյեան դառնամ, ապա պիտի հագնիմ այս շապիկը: Այս յաղթանակը կը նուիրեմ սահմանին կագնած հայ զինուորին եւ պատերազմի բոլոր զոհերուն: Իսկ ինչ կը վերաբերի Միհրանին, ապա ան ինծի համար ախոյեան է, ան ամբողջ աշխարհի համար ախոյեան է, մենք այսօր պէտք է ունենայինք երկու ոսկի»,-ըսաւ Ալեքսանեան