altԵրկուշաբթի 22 Օգոստոսի առաւօտուն, Արցախէն Աթէնք ժամանեցին 23 պատանիներ-պարմանուհիներ, որոնք Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի կազմակերպութեամբ պիտի հիւրասիրուին Սիրոս կղզիի քաղաքապետութեան բանակավայրէն ներս:

Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ դիմաւորեցինք Արցախի փոքրիկները, որոնք անցնող Ապրիլին զոհուած ազատամարտիկներու զաւակներ կամ քոյր-եղբայրներ են: Հայ Դատի Յանձնախումբի այս նախաձեռնութիւնը կ՚իրականանայ 21 տարիներէ ի վեր շարունակ, Սիրոս հիւրընկալ կղզիի քաղաքապետարանի գործակցութեամբ:

Աթէնքի մէջ անոնց կեցութիւնը սիրայօժար անգամ մը եւս ստանձնած է Փիրէայի Խածիքիրիաքիօ հաստատութիւնը: