altԵ­րե­ւա­նի մէջ լոյս տե­սած է թուրք յայտ­նի պատ­մա­բան ­Թա­ներ Աք­չա­մի հա­յե­րու բռնի իս­լա­մաց­ման վե­րա­բե­րեալ գիր­քը, որ բաղ­կա­ցած է ե­րեք բա­ժին­նե­րէ: Այս մա­սին կը հա­ղոր­դէ Akunq.netը։

 

 

Ա­ռա­ջին բա­ժի­նով՝ հե­ղի­նա­կը կը խօ­սի ­Թուր­քիոյ մէջ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հար­ցով ա­նա­չառ կեր­պով զբա­ղո­ւե­լու անհ­նա­րի­նու­թեան, այդ գոր­ծին մէջ իր կրած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն եւ պե­տու­թեան կող­մէ իր դէմ կազ­մա­կեր­պո­ւած հա­լա­ծանք­նե­րուն մա­սին: Երկ­րորդ բա­ժի­նով՝ կը ներ­կա­յա­ցո­ւի Ա­ռա­ջին ­Հա­մաշ­խար­հա­յին ­Պա­տե­րազ­մի ժա­մա­նակ օս­մա­նեան բա­նա­կին մէջ ծա­ռա­յած հայ սպայ ­Սար­գիս ­Թո­րո­սեա­նի յու­շե­րուն թրքե­րէն հրա­տա­րա­կու­թեան շուրջ ծա­ւա­լած խտրա­կան ու կողմ­նա­կալ քննար­կում­նե­րու պատ­մու­թիւ­նը, ո­րուն ըն­թաց­քին Թ. Աք­չա­մի նկատ­մամբ դար­ձեալ թափ ա­ռած է զրպար­տու­թիւն­նե­րու, ան­հիմն մե­ղադ­րանք­նե­րու եւ հա­լա­ծանք­նե­րու մեծ ար­շաւ մը:

Եր­րորդ բա­ժի­նով՝ հե­ղի­նա­կը, հա­րուստ փաս­տա­կան հէն­քի վրայ, կը ներ­կա­յաց­նէ հա­յե­րու բռնի իս­լա­մաց­ման եւ ու­ծաց­ման քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը 1915-1918ին: Թ. Աք­չամ պատ­մու­թեան քիչ յայտ­նի այս ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը գնա­հա­տէ իբ­րեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կա­ռու­ցո­ւած­քա­յին տար­րեր:

­Գիր­քը թարգ­մա­նո­ւած եւ հրա­տա­րա­կու­թեան պատ­րաս­տո­ւած է Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան ­Կեդ­րո­նին մէջ:
Թր­քե­րէ­նէ թարգ­մա­նած է ­Մե­լի­նէ Ա­նու­մեան:
­Պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­գիրն է ­Հայ­կա­զուն Ալվրցեան: ­Գիր­քը թարգ­մա­նո­ւած է ­Ժի­րայր Ն­շա­նեան հիմ­նադ­րա­մին հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ` ի յի­շա­տակ 1915ի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րու:

Ա­րեւմ­տա­հա­յոց ­Հար­ցե­րու Ու­սում­նա­սի­րու­թեան ­Կեդ­րո­նը իր ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը կը յայտ­նէ ­Թա­ներ Աք­չա­մին` գիր­քի թարգ­մա­նու­թեան ար­տօ­նու­թեան եւ ­Ժի­րայր Ն­շա­նեան հիմ­նադ­րա­մին` հա­յե­րէն թարգ­մա­նու­թիւնն ու հրա­տա­րա­կու­թիւ­նը հո­վա­նա­ւո­րե­լու հա­մար: