­altԶան­գո­ւա­ծա­յին ան­կար­գու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու մե­ղադ­րան­քով 2 Օ­գոս­տո­սին կա­լա­նա­ւո­րո­ւած քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րու պաշտ­պան­նե­րը 3 Օ­գոս­տո­սին յայ­տա­րա­րած են, որ զան­գո­ւա­ծա­յին ան­կար­գու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու մե­ղադ­րան­քով կա­լա­նա­ւո­րո­ւած

գոր­ծիչ­նե­րուն նկատ­մամբ կը կա­տա­րո­ւի ոչ թէ ի­րա­ւա­կան, այլ քա­ղա­քա­կան հե­տապն­դում: Այս մա­սին կը գրէ Ար­տակ ­Համ­բար­ձու­մեան:

­Փաս­տա­բան­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ այդ հե­տապնդու­մին նպա­տակն է կա­րե­լիու­թիւն չտալ, որ ի­րենք բո­ղո­քի քայ­լեր կազ­մա­կեր­պեն:
«Քնն­չա­կան մար­մին­նե­րը այ­սօր կը շա­րու­նա­կեն նոյն մար­տի­մէ­կեան ձե­ռա­գի­րը, քա­ղա­քա­կան բան­տար­կեալ­նե­րու նկատ­մամբ մե­ղադ­րանք­նե­րը կ­՛ա­ռա­ջադ­րո­ւին նոյն սկզբուն­քով»,- յայտ­նած է ­Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ ­Յով­սէփ ­Խուր­շու­դեա­նի փաս­տա­բան ­Սե­դա ­Սա­ֆա­րեան:

Իսկ ­Հիմ­նա­դիր ­Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ­Կա­րօ Եղ­նու­կեա­նի պաշտ­պան ­Տիգ­րան ­Հայ­րա­պե­տեան դի­տել տո­ւած է.- «Այս­պի­սի մե­ղադ­րանք­նե­րը ուղ­ղա­կի մէկ նպա­տակ ու­նին, որ­պէս­զի ա­նոնք չշա­րու­նա­կեն հա­ւաք­ներ կազ­մա­կեր­պել եւ այլն»:

29 ­Յու­լի­սին ­Սա­րի ­Թա­ղի մէջ զան­գո­ւա­ծա­յին ան­կար­գու­թիւն­ներ կազ­մա­կեր­պե­լու մե­ղադ­րան­քով կա­լա­նա­ւո­րո­ւած ­Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան փոխ-նա­խա­գահ Ար­մէն ­Մար­տի­րո­սեա­նի պաշտ­պան ­Գի­ւի ­Յով­հան­նի­սեան ը­սած է, որ կա­լա­նա­ւո­րու­մը կա­տա­րո­ւած է միայն ոս­տի­կան­նե­րուն ցուց­մունք­նե­րուն հի­ման վրայ եւ ո­րե­ւէ այլ ա­պա­ցոյց չէ ներ­կա­յա­ցո­ւած:

Ա­պա­ցոյց­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թեան մա­սին խօ­սած է նաեւ ­Դա­ւիթ ­Սա­նա­սա­րեա­նի փաս­տա­բան ­Ռո­պերթ ­Ռե­ւա­զեան` նշե­լով, որ ­Սա­նա­սա­րեան ձեր­բա­կա­լո­ւած է հի­ւան­դա­նո­ցէն եւ հի­մա ալ ա­ռող­ջա­կան մտա­հո­գիչ խնդիր­ներ ու­նի:

­Ժա­ռան­գու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան նախ­կին բան­բեր ­Յով­սէփ ­Խուր­շու­դեան եր­կու ոս­տի­կան­նե­րու ցուց­մուն­քի հի­ման վրայ կը մե­ղադ­րո­ւի ոս­տի­կան­նե­րուն ուղ­ղու­թեամբ քար նե­տե­լու յան­ցան­քով: Ա­նոր փաս­տա­բա­նը` ­Սե­դա ­Սա­ֆա­րեան, յի­շե­ցու­ցած է, որ մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րը բազ­միցս դա­տա­պար­տած են ­Հա­յաս­տա­նը` միայն ոս­տի­կան­նե­րուն վկա­յու­թեամբ մե­ղադ­րանք­ներ ա­ռա­ջադ­րե­լու գոր­ծե­լաո­ճին հա­մար:

­Հիմ­նա­դիր ­Խորհր­դա­րա­նի ան­դամ ­Կա­րօ Եղ­նու­կեա­նի փաս­տա­բան ­Տիգ­րան ­Հայ­րա­պե­տեան նշած է, որ զի­նո­ւած խում­բին ա­ջակ­ցե­լու մե­ղադ­րան­քով կա­լա­նա­ւո­րո­ւած իր պաշտ­պա­նեա­լին կը սպառ­նայ մին­չեւ 20 տա­րո­ւան բան­տար­կու­թիւն: Ըստ ­Հայ­րա­պե­տեա­նի՝ Եղ­նու­կեան կը մե­ղադ­րո­ւի 4 դրո­ւա­գով, որ բո­լորն ալ, ըստ փաս­տա­բա­նին, յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­ներ պէտք չէ նկա­տել:

­Բո­լոր փաս­տա­բան­ներն ալ ը­սած են, որ պի­տի բո­ղո­քար­կեն կա­լա­նա­ւո­րում­նե­րու ո­րո­շում­նե­րը` ընդ­հուպ Եւ­րո­պա­կան ­Դա­տա­րան: