«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, թէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 10 Օգոստոսին աշխատանքային այյցելութիւն պիտի տայ Ռուսիա: Այս մասին տեղեկութիւն փոխանցած են նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու
հետ կապերու վարչութենէն: Այցելութեան ծիրին մէջ նախագահ Սարգսեան Մոսկուայի մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Բարձր մակարդակի բանակցութեանց ընթացքին նախատեսուած է քննարկել ռազմավարական գործընկեր երկու պետութիւններուն միջեւ շարք մը մարզերէ ներս՝ քաղաքական, առեւտրատնտեսական, մարդասիրական, երկկողմանի փոխադարձ գործակցութեան օրակարգի առանցքային հարցեր, ինչպէս նաեւ եւրասիական տարածքին մէջ համարկման հոլովոյթներու զարգացման վերաբերող հարցեր: Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին միտքեր պիտի փոխանակեն նաեւ միջազգային ու շրջանային շարք մը այժմէական խնդիրներու շուրջ: