alt«Լ­րագ­րող­ներ ա­ռանց սահ­ման­նե­րու» կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը դա­տա­պար­տած է 29 ­Յու­լի­սին, Ե­րե­ւա­նի մէջ ցու­ցա­րար­նե­րը ցրո­ւե­լու գոր­ծո­ղու­թեան ժա­մա­նակ, ոս­տի­կա­նու­թեան կող­մէ լրագ­րող­նե­րուն նկատ­մամբ գոր­ծադ­րո­ւած բռնու­թիւն­նե­րը:

 

 

­Կազ­մա­կեր­պու­թեան յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ նշո­ւած է, որ 12 լրագ­րող­ներ վի­րա­ւո­րո­ւած են: ­Քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուս­տով ոս­տի­կան­նե­րը, զի­նո­ւած մա­հակ­նե­րով ու մե­տա­ղա­ձո­ղե­րով, հա­րո­ւա­ծած են «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի հայ­կա­կան ծա­ռա­յու­թեան լրագ­րող­նե­րը: «Ա­ռա­ջին լրա­տո­ւա­կան», «­Սի­վիլ­նեթ», «Ա­ռա­ջին», «­Փա­նո­րա­մա», «Լ­րա­գիր» եւ ռու­սա­կան «­Լայֆ» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նի լրագ­րող­ներն ու նկա­րա­հա­նող­նե­րը վի­րա­ւո­րո­ւած են ձայ­նա­յին նռնակ­նե­րէն: «Ար­մե­նիա» պատ­կե­րաս­փիւ­ռի ըն­կե­րու­թեան եր­կու լրագ­րող­նե­րու վրայ յար­ձա­կած են քա­ղա­քա­ցիա­կան հա­գուս­տով ան­ձեր, ո­րոնք նաեւ կոտ­րած են ա­նոնց տե­սախ­ցիկն ու բարձ­րա­խօ­սը: ­Քա­նի մը լրագ­րող­ներ ալ հի­ւան­դա­նոց փո­խադ­րո­ւած են այ­րո­ւածք­նե­րով ու այլ վէր­քե­րով:

«Ակն­յայտ է, որ տե­սախ­ցի­կով լրագ­րող­նե­րուն վրայ յար­ձա­կում­նե­րը մի­տում­նա­ւոր էին»,- յայ­տա­րա­րած է կազ­մա­կեր­պու­թեան Ա­րե­ւե­լեան Եւ­րո­պա­յի ու ­Կեդ­րո­նա­կան Ա­սիոյ հար­ցե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ­Խո­խան ­Պիր: «Ա­նոնց­մէ քա­նի մը հո­գիին շա­րու­նա­կած են ծե­ծել նոյ­նիսկ նկա­րա­հա­նում­նե­րը դադ­րեց­նե­լու խոս­տու­մէ ետք: Ն­ման վար­քա­գիծ պէտք է պատ­ժո­ւի, որ­պէս­զի հե­տա­գա­յին չկրկնո­ւի: ­Մենք իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն կոչ կ­՛ուղ­ղենք` վերջ տա­լու լրագ­րող­նե­րուն հան­դէպ ոս­տի­կա­նա­կան բռնու­թիւն­նե­րու ան­պատ­ժե­լիու­թեան ու յստակ ցու­ցում­ներ տա­լու հե­տա­գա­յին նման ո­ճով չվա­րո­ւե­լու վե­րա­բե­րեալ»,- նշած է ան:

Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը խոս­տա­ցած է հե­տաքն­նու­թիւն կա­տա­րել, որ­պէս­զի լոյս սփռէ կա­տա­րո­ւած դէպ­քե­րուն վրայ:
­Կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը կը յի­շեց­նէ, որ ան­ցեալ տա­րի 21 լրագ­րող նման հան­գա­մանք­նե­րու մէջ լիա­զօ­րու­թիւն­նե­րու գե­րա­զանց­ման զոհ դար­ձած է, բայց ան­հա­տա­կան գոր­ծե­րով միայն մէկ հե­տաքն­նու­թիւն կա­տա­րուած է, ու ոչ ոք պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան են­թար­կո­ւած է: Ն­մա­նա­տիպ դէպ­քեր յա­ճախ կը կրկնո­ւին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ: