Օգոստոս 2 լոյս 3ին Ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ հակառակորդը հրադադարը խախտած է 31 անգամ, որու ընթացքին, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակած է
աւելի քան 350 կրակոց: Լ.Ղ.Հ. Պ.Բ. մամուլի ծառայութեան փոխանցած տեղեկութիւններով` Օգոստոս 2ին` ժամը 15:00ի սահմաններուն, Պ.Բ. արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասին մէջ, ականապայթիւնային մահացու վէրք ստացած է զինծառայող, 1996ի ծնունդ Գէորգ Արթուրի Յարութիւնեանը:
«ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կիսում է կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնում մահացած զինծառայողի ընտանիքի անդամներին, հարազատներին եւ ծառայակիցներին», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Ըստ «Նիուզ»ի՝ Գէորգ Յարութիւնեանը ընտանիքի միակ զաւակն էր եւ երկու ամիսէն պիտի զօրացրուէր։ Ան ընկերային ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքի զաւակ էր եւ Երեւանի բնակիչ։