Անհատական մրցման արդիւնքով՝ Հայաստանի խումբը յայտնուած է առաջին հորիզոնականին, Մոնկոլիայի խումբը` երկրորդ, Քուէյթի` երրորդ:
Մերձ-մոսկովեան Ալապինոյին «հրասայլային մրցոյթ»ի երկրորդ մրցափուլը աւարտած է Հայաստանի յաղթանակով։ Այս մասին, ըստ Sputnik.co.amի, հաղորդած է «Զուեզդա» հեռատեսիլի ալիքը:
Հայաստանի, Մոնկոլիայի, Քուէյթի խումբերը ելոյթ ունեցած են միջազգային բանակային խաղերու «հրասայլային մրցոյթ»ի երկրորդ անհատական փուլին: Ռուսական T-72 հրասայլերու անձնակազմերը յաղթահարած են արգելքներով ուղին:
Անոնք հրասայլէն կրակոցով կոծած են գրեթէ երկու քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախը, իսկ հրասայլային թնդանօթէն կրակոցով` 900 մեթր հեռաւորութեան: Անհատական մրցման արդիւնքով՝ յաղթական դարձած է Հայաստանի խումբը` անցնելով ճանապարհը 27 վայրկեան 58 երկվայրկեանի ընթացքին, երկրորդ` Մոնկոլիայի խումբը, երրորդը` Քուէյթի խումբը: Ռուսիոյ խումբը երկու փուլերու արդիւնքով՝ մրցարշաւի յառաջատարն է:
Ռուսական անձնակազմը յաղթահարած է տարածութիւնը 23 վայրկեան 39 երկվայրկեանի ընթացքին:
Կիսաեզրափակիչ փուլերուն պիտի մասնակցին 12 խումբեր: «Հրասայլային մրցոյթ»ի եզրափակիչը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 13ին` խաղերու փակման օրը: