Պաշտօնական այցելութեամբ 1 Օգոստոսին Վրաստան այցելած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Թիֆլիսի մէջ հանդիպում ունեցած է Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Միխէիլ Ճանելիծէի հետ:
Ճանելիծէ նշած է, որ դրացի երկրին արտաքին գործոց նախարարին տուած այցելութիւնը նշանակալի իրադարձութիւն է, առիթ է շարունակելու երկխօսութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բազմաթիւ հարցերու շուրջ: Նալբանդեան իր կարգին նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ Վրաստանի հետ յարաբերութիւններու զարգացումը բոլոր մարզերուն մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են Հայաստան-Վրաստան երկկողմ օրակարգի հարցերու լայն շրջանակ: Ընդգծուած է առկայ 80է աւելի համաձայնագիրներ ընդգրկող հարուստ իրաւապայմանագրային դաշտի կարեւորութիւնը, ինչ որ կարելիութիւն կու տայ զարգացնելու գործակցութիւնը տարբեր մարզերու մէջ:
Էդուարդ Նալբանդեան ու Միխէիլ Ճանելիծէ քննարկած են Հայաստանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ պարբերական խորհրդատուութիւններու կայացման, իրաւապայմանագրային դաշտի կատարելագործման, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան, երթեւեկի փոխադրումներու դիւրացման, ուժանիւթային փոխադարձ գործակցութեան, մշակութային ոլորտին մէջ համագործակցութեան, ապակեդրոնացեալ մակարդակով շփումներուն առնչուող հարցեր, նաեւ` հայ-վրացական սահմանի սահմանազատման հոլովոյթի խնդիրները:
Հանդիպման ընթացքին միտքեր փոխանակուած են մշակութային ժառանգութեան պահպանման շուրջ:
Էդուարդ Նալբանդեան ներկայացուցած է Հայաստանի եւ Ե.Ա.Հ.Կ. Մինսքի Խմբակի համանախագահներուն ջանքերը` Ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման նպատակով բանակցային հոլովոյթի աշխուժացման վերաբերեալ: