Երեւանի մէջ լոյս տեսած է Խաչատուր Դադայեանի «Հայոց տնտեսական ցեղասպանութիւն. Հայերի տնտեսական գործունէութիւնը ներկայիս Թուրքիայի տարածքում մինչեւ 1915 թուականը» գիրքը (516 էջ), «Էտիթ Փրինթ» հրատարակչատան կողմէ:
Աշխատութեան մէջ ներկայացուած են 20րդ դարու սկիզբին հայերու տնտեսական գործունէութիւնը՝ ներկայի Թուրքիոյ 100 քաղաքներու մէջ, հայ ունեւոր դասի ընչազրկումը եւ սպանդը, տնտեսական բնագաւառի 67 նշանաւոր անձերու կենսագրութիւնները, 48 ֆինանսական (ելեւմտական) վարկային հաստատութիւններ, արտադրական ձեռնարկութիւններ եւ տնտեսական միութիւններ, 100 գովազդապատկերներ, ինչպէս նաեւ՝ ապրանքատեսակներու, դրամական, վարչական միաւորներու եւ գիրքին մէջ գործածուած այլ եզրերու բացատրական բառարան մը։ Ժողովածոն կը պարունակէ 482 պատմական համայնապատկերներ եւ դիմանկարներ: