­altՅու­լի­սի 27ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րի տե­ղա­կալ ­Սերժ Ս­րա­պիո­նեան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. խմբա­պե­տա­կան 7րդ

­հա­մա­գու­մա­րի մաս­նա­կից­նե­րուն հետ` ­Կենտ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ:

Ս. Ս­րա­պիո­նեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբա­պետ­նե­րուն փո­խան­ցեց Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի ող­ջոյ­նի խօս­քը` կա­րե­ւո­րե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազ­գա­նո­ւէր դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը սե­րունդ­նե­րու ա­ռողջ դաս­տիա­րա­կու­թեան գոր­ծին մէջ: «Հ.Մ.Ը.Մ.ը ու­նի ա­ւե­լի քան 100 մաս­նա­ճիւղ աշ­խար­հի հա­յա­շատ հա­մայնք­նե­րուն մէջ: Որ­դեգ­րե­լով ֆի­զի­քա­կան եւ հո­գե­ւոր ներ­դաշ­նա­կու­թեան կեն­սա­կեր­պը` Հ.Մ.Ը.Մ. տաս­նեակ սե­րունդ­ներ է կրթած, հայ ե­րի­տա­սար­դին սոր­վե­ցու­ցած է ըլ­լալ ա­րի, հայ­րե­նա­սէր, զար­գաց­նել ա­նոր մէջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան եւ ար­ժա­նա­պա­տո­ւու­թեան զգա­ցու­մը:

altՇ­նոր­հա­կալ ենք ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեա­նին իր ար­դիւ­նա­ւէտ ջան­քե­րուն եւ նո­ւի­րու­մին հա­մար: ­Հա­մո­զո­ւած ենք, որ 2018ին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ եւ սփիւռ­քի տա­րած­քին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կը կը նշո­ւի մեծ շու­քով»,- նշած է նա­խա­րա­րի տե­ղա­կա­լը: Ս. Ս­րա­պիոն­յանն ընդգ­ծած է, որ նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ 2014ի Օ­գոս­տոս 3ին Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մի­ջեւ կնքո­ւե­ցաւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան յու­շա­գիր, ո­րու ծի­րէն ներս տե­ղի կ­՚ու­նե­նան բազ­մա­թիւ մի­ջո­ցա­ռում­ներ, կ­՚ի­րա­կա­նա­ցո­ւին հա­մա­տեղ ծրա­գիր­ներ:

Շ­նոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար` ­Գառ­նիկ Մկրտի­չեան նշած է.- «Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբա­պե­տա­կան 7րդ ­հա­մա­գու­մա­րի մեկ­նար­կէն ա­ռաջ, մենք մեր պարտքն ենք հա­մա­րած այ­ցե­լել Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւն: Ու­րախ ենք, որ աշ­խար­հի տար­բեր ծայ­րե­րէն հա­ւա­քո­ւած Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ե­րի­տա­սարդ խմբա­պետ­ներն այ­սօր այս­տեղ են: Ա­յո՛, մենք կը պատ­րաս­տո­ւինք մեծ շու­քով նշե­լու մեր կա­ռոյ­ցի 100ա­մեա­կը եւ հա­մո­զո­ւած ենք, որ Ս­փիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը կը կանգ­նի մեր կող­քին: ­Նա­խա­րա­րու­հի Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նին փո­խան­ցե­ցէք մեր ջերմ ող­ջոյ­ներն ու ե­րախ­տա­գի­տու­թիւ­նը»:

­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տը 7րդ ­հա­մա­գու­մա­րի հա­մար պատ­րաս­տո­ւած ա­ռա­ջին յու­շա­նո­ւէ­րը յանձ­նեց սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ նշեց, որ հան­դի­պու­մէն ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ ամ­բողջ կազ­մով պի­տի այ­ցե­լեն ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նութ­յան զո­հե­րու յու­շա­հա­մա­լիր եւ ծա­ղիկ­ներ պի­տի խո­նար­հեն յու­շա­կո­թո­ղին:

Քն­նար­կո­ւե­ցան Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան, Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կա­ռոյ­ցին դե­րա­կա­տա­րու­թեան եւ ը­նե­լիք­նե­րուն, երկ­րի քա­ղա­քա­կան կեան­քի հնա­րա­ւոր զար­գա­ցում­նե­րուն եւ Հ.Հ. տնտե­սու­թեան զար­գաց­ման, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման եւ ամ­րապնդ­ման վե­րա­բե­րող հար­ցեր: