«ԹՈՒՄՕ» Ստեղծարար Արհեստագիտութիւններու Կեդրոնը եւ «Կողբ» կրթութեան, մշակոյթի եւ մարմնակըրթութեան զարգացման Հիմնադրամը Յուլիս 26ին կնքած են փոխըմբռնման յուշագիր՝ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Կողբ գիւղին մէջ «ԹՈՒՄՕ» կեդրոն բա
նալու մասին:
Նախաձեռնութիւնը իրականութիւն կը դառնայ «Կողբ» Հիմնադրամի եւ Սիմոնեան կրթական Հիմնադրամի համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ՝ արժանթինահայ բարերարներ Պօղոս Էքսերցեանի, Գրիգոր Սիմսիրօղլիի, Նշան Տեւետճեանի եւ այլ բարեգործներու աջակցութեան շնորհիւ:
«ԹՈՒՄՕ»էն կը տեղեկացնեն, թէ կը նախատեսուի, որ կեդրոնի շինարարութիւնը մեկնարկէ այս տարուան Սեպտեմբերին, իսկ ուսումնական աշխատանքը պիտի սկսի 2018 թուականին: Այն նախատեսուած է առնուազն 600 ուսանողի համար: Կեդրոնին մէջ կ’իրականացուի նոյն ծրագիրը եւ կը դասաւանդեն նոյն մասնագէտները, ինչպէս որ Երեւանի, Դիլիջանի, Գիւմրիի եւ Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ»ներուն մէջ. ինչպէս նաեւ Կողբ կը հրաւիրուին միջազգային մասնագէտներ, որոնք իրենց փորձառութիւնը կը կիսեն պատանիներուն հետ:
«ԹՈՒՄՕ»ի տնօրէն Մարի Լու Փափազեան նշած է.- ««ԹՈՒՄՕ»ն տարիէ տարի աւելի հասանելի կը դառնայ Հայաստանի զանազան հատուածներուն մէջ բնակող պատանիներուն։ Կողբ Հիմնադրամին հետ այս համագործակցութիւնը յատկապէս կարեւոր կը համարենք, քանի որ այն` քանի մը համայնք միաւորելով, հնարաւորութիւն կու տայ «ԹՈՒՄՕ»ն տարածելու աւելի փոքր բնակավայրերու մէջ:
Կողբի «ԹՈՒՄՕ»ն կ’ընդգրկէ ոչ միայն Կողբի, այլ նաեւ Նոյեմբերեանի, Բերդաւանի եւ մօտակայ գիւղերու պատանիները, որոնք կը կարենան մասնագիտանալ եւ արդիական հմտութիւններ ստանալ, ինչպէս նաեւ ապագային աշխատիլ տեղւոյն վրայ եւ առցանց, առանց հեռանալու իրենց ծննդավայրէն եւ զարգացնելով զայն»: