25 Յուլիսին, հայկական ողիմպիական պատուիրակութեան առաջին խումբը՝ լողորդները, ծանրորդները եւ աթլէթները (մարմնամարզիկները), Երեւան-Տոհա–Ռիօ տէ Ժաներօ թռիչքով մեկնած են՝ իրենց մասնակցութիւնը բերելու 31րդ ամառնային ողիմպիական խաղե
րուն:
Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէի (Ա.Ո.Կ.) հաղորդագրութեան համաձայն՝ ծանրորդներու խումբը կը գլխաւորէ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Փաշիկ Ալավերդեան, իսկ աթլեթները խաղերուն պիտի մասնակցին Աթլեթի (մարմնամարզանք) Դաշնութեան նախագահ Ռոբերտ Էմմիյեանի գլխաւորութեամբ:
Ծանրորդներուն հետ Ռիօ տը Ժաներօ չէ գացած Առաքել Միրզոյեանը, որ պիտի միանայ աւելի ուշ։ Հայ մարզիկներու այլ խումբ մըն ալ Ռիօ տէ Ժաներօ պիտի մեկնի յառաջիկայ գիշեր: Պատուիրակութեան ղեկավարը Հրաչեայ Ռոստոմեանն է: