­altԳի­շե­րը ­Պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան տա­րած­քին տե­ղի ու­նե­ցած փոխհ­րաձ­գու­թեան հե­տե­ւան­քով հի­ւան­դա­նոց տե­ղա­փո­խո­ւած են ե­րեք վի­րա­ւոր` մէկ ոս­տի­կան եւ «­Սաս­նայ ծռեր» խում­բի ան­դամ­ներ ­Պա­ւել ­Մա­նու­կեանն ու ա­նոր որ­դին` Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը:

 

«Է­րե­բու­նի» հիւ­նա­դա­նո­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մուն­քի ղե­կա­վար ­Յա­րու­թիւն ­Ման­գո­յեա­նը ը­սած է, որ ­Պա­ւել եւ Ա­րամ ­Մա­նու­կեան­նե­րը վի­րա­հա­տո­ւած են, վի­ճա­կը կը գնա­հա­տո­ւի կա­յուն ծանր: ­Գի­շե­րը լրագ­րող­նե­րու հետ ճե­պազ­րոյ­ցի ըն­թաց­քին բժիշ­կը ը­սած է, որ կը ձեռ­նար­կո­ւին մի­ջոց­ներ` յետ­վի­րա­հա­տա­կան բար­դու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ուղ­ղու­թեամբ:

­Պա­ւել ­Մա­նու­կեա­նը ստա­ցած է զոյգ ազդ­րե­րու հրա­զէ­նա­յին վնա­սո­ւածք­ներ, աջ ազ­դոսկ­րի բազ­մա­բե­կոր կոտ­րո­ւած­քով, Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը ստա­ցած է ձախ ազդ­րի հրա­զէ­նա­յին վնա­սո­ւածք: Եր­կուքն ալ կը գտնո­ւին վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մունք եւ միա­ցո­ւած են ար­հես­տա­կան շնչա­ռու­թեան սար­քին:
­Վի­րա­ւոր ոս­տի­կա­նին վի­ճա­կը կը գնա­հա­տո­ւի մի­ջին ծան­րու­թեան, ան կը գտնո­ւի հի­ւան­դա­սե­նեա­կի մէջ:

­Գի­շե­րը Ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը տե­ղե­կա­ցու­ցած էր, որ «ՊՊԾ գուն­դի տա­րած­քին մէջ ի­րա­ւա­պահ­նե­րուն յանձ­նո­ւած են զի­նո­ւած խում­բի ան­դամ­ներ ­Գա­գիկ Ե­ղիա­զա­րեանն ու Ա­րամ ­Յա­կո­բեա­նը»:

«ՊՊԾ գուն­դի տա­րած­քին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է փոխհ­րաձ­գու­թիւն, ո­րուն հե­տե­ւան­քով վի­րա­ւո­րո­ւած է ի­րա­ւա­պահ­նե­րէն մէ­կը, ­Պա­ւել ­Մա­նու­կեանն ու ա­նոր որ­դի Ա­րամ ­Մա­նու­կեա­նը:

Ե­րեքն ալ ան­մի­ջա­պէս տե­ղա­փո­խո­ւած են հի­ւան­դա­նոց: Այս պա­հուն հրաձ­գու­թիւ­նը դադ­րած է, կ՛ ըն­թա­նան բա­նակ­ցու­թիւն­ներ` զի­նո­ւած ան­ձե­րուն յանձ­նո­ւե­լու գոր­ծըն­թա­ցը ա­ւար­տին հասց­նե­լու հա­մար»,- հա­ղոր­դած էր ՀՀ ոս­տի­կա­նու­թիւ­նը: