­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րար ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան նա­խադ­րեալ­ներ կը տես­նէ՝ ­Հա­յաս­տա­նի ոս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րած­քի գրաւ­ման շուրջ ստեղ­ծուած տագ­նա­պը լու­ծե­լու հա­մար: ­Պա­տանդ­նե­րու ա­զատ ար­ձա­կու­մը եւ շա­րու­նա­կո­ւող բա­նակ­ցու­թիւն­

նե­րը ­Լե­ւոն Մկրտ­չեա­նին յոյս ներշն­չած են, որ ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ար­դէն 9րդ­ օ­րը շա­րու­նակուող տագ­նա­պը կը լու­ծո­ւի:

«­Պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն կայ մեր ժո­ղո­վուր­դի բո­լոր շեր­տե­րուն մէջ, նոյ­նիսկ այն շեր­տե­րը, ո­րոնք, ը­սենք, շատ քա­ղա­քա­կան փոր­ձա­ռու­թիւն կամ գի­տե­լիք­ներ չու­նին, բնազ­դով ու­նին այդ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւ­նը: Վս­տահ եմ, որ այս խնդիրն ալ կը լու­ծո­ւի այդ նոյն ձե­ւա­չա­փով: Ար­դէն պա­տանդ­նե­րու ար­ձա­կու­մը եւ բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը այդ­պի­սի յոյս կու տան»,- ­Գիւմ­րիի մէջ լրագ­րող­նե­րու հետ զրոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սաւ ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան:

Ան­թոյ­լատ­րե­լի նկա­տե­լով զի­նո­ւած խում­բի գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը` նա­խա­րա­րը մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց, որ այս գոր­ծե­լաո­ճը նա­խա­դէպ չդառ­նայ. «­Պե­տու­թիւ­նը ե­թէ ին­քիշ­խան եւ ան­կախ պե­տու­թիւն է, շատ կա­րե­ւոր է այս­տեղ նա­խա­դէ­պա­յին թոյ­լատ­րու­թիւն չըլ­լա­լը, ո­րով­հե­տեւ, գի­տէ՞ք, ի վեր­ջոյ, նա­խա­դէ­պը կրնայ քայ­քա­յել պե­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք տա­կա­ւին եր­կար կեան­քի փորձ չու­նին:

­Մենք ըն­դա­մէ­նը 20-25 տա­րո­ւան պե­տա­կան շի­նա­րա­րու­թեան փորձ ու­նինք, եւ նա­խա­դէ­պի գո­յու­թիւ­նը կրնայ յա­ռա­ջաց­նել այն­պի­սի պատ­կե­րա­ցում, որ ո­րե­ւէ խումբ կրնայ ի­րեն հա­մար` ճիշդ նպա­տա­կի հա­մար կա­տա­րել քայ­լեր, ո­րոնց­մէ ետք մենք պար­զա­պէս պե­տու­թիւն եւ պե­տա­կա­նու­թիւն չենք ու­նե­նար»:

Ըստ հա­յաս­տա­նեան մա­մու­լին՝ զի­նո­ւած խում­բին հետ բա­նակ­ցու­թեանց ըն­թաց­քին շրջա­նա­ռո­ւած է կա­ռա­վա­րու­թեան հրա­ժա­րա­կա­նի եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ար­տա­հերթ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցը: «Ա­զա­տու­թիւն» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նի այն հար­ցու­մին, թէ ի՞նչ տե­ղե­կու­թիւն ու­նի այս մա­սին, ­Լե­ւոն Մկրտ­չեան պա­տաս­խա­նեց.- «Ես ո­րե­ւէ այդ­պի­սի տե­ղե­կու­թիւն չու­նիմ, բնա­կա­նա­բար»: