altԼ.Ղ.Հ. Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր, «Ար­ցա­խի հե­րոս» շքան­շա­նա­կիր ­Վի­տա­լի ­Բա­լա­սա­նեան յայ­տա­րա­րու­թիւն մը տա­րա­ծած է` բա­ցա­յայ­տե­լով ­Յու­լիս 17ին Հ.Հ. ոս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րածք ներ­խու­ժած զի­նո­ւած խում­

բի ան­դամ­նե­րուն հետ իր կա­տա­րած բա­նակ­ցու­թեանց վե­րա­բե­րեալ ո­րոշ ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ: ­Վի­տա­լի ­Բա­լա­սա­նեան տե­ղե­կու­թիւն փո­խան­ցած է նաեւ այն մա­սին, թէ ո՛վ է ոս­տի­կա­նու­թեան գնդա­պետ Ար­թուր ­Վա­նո­յեա­նի սպա­նու­թիւ­նը կա­տա­րո­ղը:

Ս­տո­րեւ՝ յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը.
«­Յու­լիս 22ի լոյս 23ի գի­շե­րը, իմ միջ­նոր­դու­թեամբ, Հ.Հ. Ա.Ա.Ծ. տնօ­րէն ­Գէոր­գի ­Կու­տո­յեան այ­ցե­լած էր զի­նո­ւած խում­բի տղա­նե­րուն, բա­ւա­կան ժա­մա­նակ քննար­կած են պա­տանդ­նե­րը ա­զատ ար­ձա­կե­լու հետ կա­պո­ւած հար­ցեր, այլ հար­ցեր եւս: ­Պա­րոն ­Կու­տո­յեա­նը նաեւ ա­ռա­ջար­կեց, որ­պէս­զի տղա­նե­րէն մէ­կը, որ վի­րա­ւոր է եւ որ տեղ­ւոյն վրայ աշ­խա­տող բժիշկ­նե­րը ան­կա­րող կրնան ըլ­լալ փրկե­լու, տե­ղա­փո­խել հի­ւան­դա­նոց՝ անհ­րա­ժեշտ մաս­նա­գի­տա­ցո­ւած բու­ժօգ­նու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հա­մար: ­Ցա­ւօք այդ հար­ցը դրա­կան պա­տաս­խան այդ­պէս ալ չստա­ցաւ: ­Հա­կա­ռակ տղա­նե­րու մերժ­ման` մենք յա­ջորդ ա­ռա­ւօ­տեան վի­րա­բոյժ ու­ղար­կե­ցինք գուն­դի տա­րածք, ո­րուն նոյն­պէս թոյլ չտրո­ւե­ցաւ անհ­րա­ժեշտ մի­ջամ­տու­թիւն կա­տա­րե­լու:

«Ինչ կը վե­րա­բե­րի պա­տանդ­նե­րու ա­զատ ար­ձակ­ման, ա­պա այդ մա­սով ես գոհ եմ ար­դիւն­քէն: ­Զի­նո­ւած խում­բի տղա­նե­րուն, նախ­նա­կան պայ­մանա­ւո­րո­ւա­ծու­թեան հա­մա­ձայն, տրա­մադ­րո­ւած է մա­մու­լի հետ շփում­նե­րու ա­մե­նա­լայն հնա­րա­ւո­րու­թիւն: ­Ցա­ւօք զի­նո­ւած խում­բի տղա­նե­րը չյար­գե­ցին պե­տու­թեան հիմ­նա­կան պա­հանջ­քը, այն է` լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րուն ա­ռաջ հան­դէս գալ բա­ցա­ռա­պէս ա­ռանց զէն­քի: ­Կազ­մա­կեր­պե­ցին զէն­քի ու ռազ­մա­կա­նու­թեան բա­ցա­յայտ ցու­ցադ­րու­թիւն, այ­նու­հե­տեւ ալ ու­ղիղ ե­թե­րով սկսան օդ կրա­կել: Ես սա խստօ­րէն կը դա­տա­պար­տեմ եւ ա­նըն­դու­նե­լի կը հա­մա­րեմ:

«Ինչ որ է, հե­տե­ւե­լով նա­խա­գահ ­Սարգ­սեա­նի կո­չին, պե­տա­կան գե­րատես­չու­թիւն­նե­րը, ո­րոնց հետ ես կը շա­րու­նա­կեմ բա­նակ­ցիլ, պատ­րաստ են սպա­ռել զի­նո­ւած խում­բին խա­ղաղ յանձ­նո­ւե­լուն ուղ­ղո­ւած բո­լոր մի­ջոց­նե­րը: ­Կոչ կ­՛ը­նեմ նաեւ՝ քա­նի դեռ ուշ չէ, քա­նի դեռ հնա­րա­ւոր է ա­տի­կա ը­նել, ուշ­քի գա­լու եւ կա­տա­րե­լու ­Հա­յաս­տա­նի ­Սահ­մանադ­րու­թեան եւ օ­րէնք­նե­րու միան­շա­նակ պա­հանջ­քը: Ա­տոր հա­մար պե­տա­կան մար­մին­նե­րը նո­րէն պատ­րաստ են ձե­զի մա­մու­լի հետ շփում կազ­մա­կեր­պե­լու, ե­թէ ա­տոր կա­րի­քը կայ` ինչ-որ բա­ներ բա­ցատ­րե­լու հա­մար բո­լո­րին: ­Բայց այս ան­գամ պատ­րաստ են ա­տի­կա ը­նե­լու բա­ցա­ռա­պէս ա­ռանց զէն­քի, եւ հան­րու­թեան հա­մար բաց, հե­տե­ւա­բար լրագ­րող­նե­րուն հա­մար անվ­տանգ տա­րած­քի մը մէջ: Ատ­կէ ետք պէտք է ան­յա­պաղ վար դնեն զէն­քը:

«­Կոչ կ­՛ը­նեմ նաեւ տղա­նե­րուն, քա­նի դեռ ուշ չէ, ան­յա­պաղ իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն յանձ­նե­լու վի­րա­ւոր տղան, որ նաեւ, ըստ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու, Հ.Հ. ոս­տի­կա­նու­թեան գնդա­պե­տը սպան­նողն է: Ա­նոր շտապ բու­ժօգ­նու­թիւն պէտք է, տղա­նե՛ր, եւս մէկ զոհ ոչ մէ­կուն հար­կա­ւոր չէ: Ես կը կար­ծեմ, որ տղա­նե­րը պէտք է օգ­տո­ւին այս վեր­ջին հնա­րա­ւո­րու­թե­նէն:

«Իմ միջ­նոր­դու­թեամբ իշ­խա­նու­թեան բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չին հետ միա­սին, ո­րուն ներ­կայ էր նաեւ «­Հիմ­նա­դիր ­Խորհր­դա­րան»ի ան­դամ Ա­լեք Ե­նի­գոմ­շեա­նը, մենք «­Վար­դա­շէն» քրէա­կա­տա­րո­ղա­կան հիմ­նար­կին մէջ հան­դի­պած ենք ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նի հետ եւ քննար­կած ենք տար­բեր հար­ցեր: ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նը այդ պա­հուն ո­րե­ւէ խօսք չէ ը­սած, ա­ւե­լին` պնդած է, որ այս պա­հուն ինք կը հրա­ժա­րի նա­խա­գա­հին հրա­ժա­րա­կա­նի պա­հանջ­քէն: ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նը բարձ­րա­ցու­ցած է ի­րենց յու­զող ազ­գա­յին նշա­նա­կու­թեան հար­ցեր, զորս մենք խոս­տա­ցած ենք փո­խան­ցել հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին:

­Մենք ան­մի­ջա­պէս կա­տա­րած ենք մեր խոս­տու­մը, փո­խան­ցած ենք հար­ցե­րը: Ար­դէն ու­նինք նաեւ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հին դիր­քո­րո­շու­մը. այն է` տղա­նե­րուն կող­մէ զէն­քը ան­յա­պաղ վար դնե­լէն եւ յանձ­նո­ւե­լէն ետք, ան պատ­րաս­տա­կա­մու­թիւն յայտ­նած է հրա­ւի­րե­լու ­Ժի­րայր ­Սէ­ֆի­լեա­նը եւ բա­ցատ­րե­լու ի­րա­կա­նու­թիւ­նը եւ հե­ռան­կար­նե­րը»: