alt19 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան մա­հա­ցած է բա­նաս­տեղծ, թարգ­մա­նիչ ­Դա­ւիթ ­Յով­հան­նէս: ­Գոյ­ժը փո­խան­ցած են ­Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու ­Միու­թե­նէն` նշե­լով, որ ան օր մը ա­ռաջ աշ­խա­տան­քի էր:

­Բուն ա­նու­նով ­Դա­ւիթ ­Յով­հան­նի­սեան ծնած է 17 ­Փետ­րո­ւար 1945ին, Ե­րե­ւան: 2010ին ար­ժա­նա­ցած է ­Հա­յաս­տա­նի «մշա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ»ի կոչ­ման: Մ­շա­կոյ­թի վաս­տա­կա­ւոր գոր­ծիչ Հ­րա­չեայ ­Յով­հան­նի­սեա­նի որ­դին է, դե­րա­սա­նու­հի ­Թա­մար ­Յով­հան­նի­սեա­նի եղ­բայ­րը:

Ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րա­կան բա­ժան­մուն­քը: Աշ­խա­տած է ­Հա­յաս­տա­նի պար­բե­րա­կան մա­մու­լին եւ «­Հայ­ֆիլմ»ի մէջ, հին եւ ար­տա­սահ­մա­նեան գրա­կա­նու­թեան պատ­մու­թիւն դա­սա­խօ­սած է հա­յաս­տա­նեան բարձ­րա­գոյն կրթա­կան տար­բեր հիմ­նարկ­նե­րու մէջ: 1975 թո­ւա­կա­նէն, ­Հա­յաս­տա­նի Գ­րող­նե­րու ­Միու­թեան ան­դամ է:

1980-1990ին հայ­կա­կան պատ­կե­րաս­փիւ­ռի կա­յա­նին մէջ ա­մի­սը ան­գամ մը վա­րած է «­Նորք» գրա­կան ծրա­գի­րը: Ե­ղած է «Ա­րե­ւիկ» հրա­տա­րակ­չու­թեան տնօ­րէն­նե­րու խոր­հուր­դի նա­խա­գա­հը, 1999-2003ին` ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր: ­Հե­ղի­նա­կած է շուրջ 25 բա­նաս­տեղ­ծա­կան, ման­կա­կան եւ թարգ­մա­նա­կան ժո­ղո­վա­ծու­ներ, հրա­պա­րա­կա­խօ­սա­կան եւ քննա­դա­տա­կան յօ­դո­ւած­ներ, բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­ներ: