«Առաւօտ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին, Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ յայտարարած է, որ Հայաստանի զարգացման կը խոչընդոտէ փտածութեան խարազանը, որ Հայաստանը ետ կը պահէ շարք մը ոլորտներու մէջ։
Անոր համաձայն՝ ինքնին այդ է պատճառը, որ հայաստանեան գործընկերներուն հետ միասնաբար Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը կ՛օժանդակէ, որպէսզի կարելի ըլլայ աջակցիլ շուկաներու եւ կառոյցներու հասանելիութեան բարձրացման՝ փտածութեան դէմ պայքարի եւ նորարարութեան, ներդրումներու ու գործառնութեան համար հաւասար դաշտ ստեղծելու միջոցով:
«Միջազգային այցելու առաջնորդի» եւ այլ ծրագիրներու միջոցով՝ մենք կ՛աշխատինք կառավարութեան եւ քաղաքացիական հասարակութեան մէջ փտածութեան դէմ պայքարող առաջնորդներուն ուսումնական կարելիութիւններ ընձեռելու ուղղութեամբ»,- յայտնած է դեսպանը։