alt«Հ­րա­պա­րակ» օ­րա­թեր­թը կը գրէ, թէ ­Կի­րա­կի օր «­Սաս­նայ ծռեր» խմբա­ւոր­ման կող­մէ Է­րե­բու­նիի մէջ գտնո­ւող Ե­րե­ւա­նի պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րած­քը գրա­ւե­լու ա­ռի­թով՝ ­Սերժ ­Սարգ­սեա­նի նոյն օ­րը հրա­ւի­րած խորհր­դակ­ցու­թեան

մաս­նակ­ցած են ոս­տի­կա­նու­թեան եւ Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան ­Ծա­ռա­յու­թեան (Ա.Ա.Ծ.) պե­տերն ու տե­ղա­կալ­նե­րը: ­Ներ­կայ չեն ե­ղած քննչա­կան ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն ղե­կա­վար­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ գլխա­ւոր դա­տա­խա­զը, որ երկ­րին մէջ չի գտնո­ւիր, ո­րով­հե­տեւ ար­ձա­կուր­դի մէջ է:

«­Խորհր­դակ­ցու­թեան ժա­մա­նակ նա­խա­գա­հը, մեր տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով, «շան լափ» է թա­փել ու­ժա­յին ղե­կա­վար­նե­րի վրայ, յատ­կա­պէս՝ Ա.Ա.Ծ.ի: ­Նա հարց է բարձ­րաց­րել, թէ որ­տեղ է օ­պե­րա­տիւ (գոր­ծուն) հե­տա­խու­զու­թիւ­նը, երբ իր քթի տակ մի քա­նի ան­ձինք, չու­նե­նա­լով բարձր պատ­րաս­տո­ւա­ծու­թիւն եւ մեծ ռե­սուրս­ներ (աղ­բիւր­ներ), կրցած են գրա­ւել ո՛չ ա­ւել, ո՛չ պա­կաս՝ ոս­տի­կա­նու­թեան շէնք:

Այն դէպ­քում, որ ըն­դա­մէ­նը ա­միս­ներ ա­ռաջ ի­րա­ւա­պահ­նե­րը զի­նո­ւած յե­ղաշրջ­ման պատ­րաս­տո­ւող յան­ցա­խումբ են վնա­սա­զեր­ծել, ո­րի գոր­ծով անց­նում է նաեւ ­Հիմ­նա­դիր ­Խորհր­դա­րա­նի ա­ռաջ­նորդ ­Ժի­րայր ­Սե­ֆի­լեա­նը»,- նշած է թեր­թը:
Ա­սի­կա, ըստ էու­թեան, Ա.Ա.Ծ.ի ե­րի­տա­սարդ պետ ­Գէոր­գի ­Կու­տո­յեա­նի ա­ռա­ջին «քննու­թիւն-փոր­ձու­թիւնն» էր, ո­րուն մէջ ան ձա­խո­ղե­ցաւ։ Կ­՛ը­սեն, թէ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կը յատ­կա­պէս Ա.Ա.Ծ. եր­կա­րա­մեայ նախ­կին պետ ­Գո­րիկ ­Յա­կո­բեա­նի սրտով է, քա­նի որ նո­րան­շա­նակ պե­տին նկատ­մամբ իր թե­րա­հա­ւա­տու­թիւ­նը ար­դա­րա­ցո­ւե­ցաւ:

Այլ լու­րով մը՝ «Հ­րա­պա­րակ» նաեւ գրած է, որ ի­րեն հա­սած տե­ղե­կու­թիւն­նե­րուն հա­մա­ձայն, Ե­րե­ւա­նի մէջ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով 1 օր կա­նուխ ­Ղա­րա­բա­ղէն Ե­րե­ւան վե­րա­դար­ձած ­Սերժ ­Սարգ­սեան, նոյն օրն իսկ, իր մօտ հա­ւա­քուած ու­ժա­յին­նե­րուն հրա­հան­գած է հա­մո­զել, եւ ոչ թէ հիւ­ծել ա­հա­բե­կիչ­նե­րը՝ հաս­տա­տե­լով, որ ծայ­րա­յեղ քայ­լե­րու պէտք է դի­մել ա­մէ­նէն ծայ­րա­յեղ կա­ցու­թեան պա­րա­գա­յին միայն։

«Ի դէպ, անց­նող 2 օ­րե­րին «ոտ­քի վրայ» է ե­ղել նաեւ ­Հա­յաս­տա­նում գոր­ծող ա­րեւմ­տեան դի­ւա­նա­գի­տա­կան կոր­պու­սը (կազ­մը): Իշ­խա­նու­թեան ներ­սում կար­ծում են, որ նրան­ցից մի քա­նիսն ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն՝ գրանտ­նե­րի (դրա­մաշ­նորհ­նե­րի) եւ այլ տես­քով ֆի­նան­սա­ւո­րում (տնտե­սա­ւո­րում) են ապս­տամբ­նե­րին: «­Զի­նո­ւա­ծու­թեան այն մա­կար­դա­կը, որ կար ապս­տամբ­նե­րի մօտ, բա­ւա­կա­նին «թանկ հա­ճոյք էր»,- նշած է իշ­խա­նա­կան աղ­բիւ­րը: ­Դես­պան­նե­րը եւս ա­նուղ­ղա­կի հաս­կաց­րել են, որ հար­ցը պէտք է լու­ծո­ւի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րի ու­ղիով: Ի դէպ, նա­խա­գա­հա­կա­նից հրա­հանգ է ե­ղել Հ.Հ.Կ.ա­կան­նե­րին՝ «չխօ­սել, քա­նի դեռ օ­պե­րա­ցիան (գոր­ծո­ղու­թիւ­նը) չի ա­ւար­տո­ւել»: