altՀ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դամ, Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու Կի­րօ Մա­նո­յեան, 18 Յու­լի­սին լրագ­րող­նե­րու հետ ու­նե­ցած հան­դիպ­ման մը ըն­թաց­քին, անդ­րա­դառ­նա­լով Թուր­քիոյ մէջ զինուո­րա­կան յե­ղաշրջ­ման փոր­ձին, ը­սած է,

որ այդ փոր­ձի ձա­խո­ղու­թե­նէն ետք Թուր­քիոյ նա­խա­գահ Ռե­ճեփ Թա­յիփ Էր­տո­ղան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, իսկ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Թուր­քիոյ հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ չեն:

Ըստ ա­նոր՝ պարզ չէ նաեւ, թէ յա­ջո­ղու­թեան հաս­նե­լու պա­րա­գա­յին ի՛նչ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն պի­տի վա­րէին զի­նո­ւո­րա­կան­նե­րը Թուր­քիոյ մէջ եւ Հա­յաս­տա­նի վրայ ա­տի­կա ի՛նչ ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նար:

«­Թուր­քիոյ բա­նա­կը ճանչ­ցո­ւած է իր շատ ա­ւե­լի կոշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ` ար­տա­քին շարք մը հար­ցե­րու, ո­րոնց կար­գին Հայ­կա­կան Հար­ցին առն­չու­թեամբ: Չենք կրնար ը­սել, որ յա­ջո­ղե­լու պա­րա­գա­յին ա­տի­կա ան­պայ­ման Հա­յաս­տա­նի հա­մար դրա­կան պի­տի ըլ­լար:

Ներ­կա­յիս ձա­խո­ղու­թե­նէն ետք կա­րե­լի է ը­սել, որ Էր­տո­ղան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, այ­սինքն` Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Թուր­քիոյ հա­մար ա­ռաջ­նա­հերթ չեն, իսկ այս փոր­ձէն ետք ա­ռա­ւել եւս պի­տի չըլ­լան: Թուր­քիան պի­տի շա­րու­նա­կէ իր այդ նոյն քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը: Ատրպէյ­ճա­նի հետ ի­րենց յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը սերտ են ու սերտ ալ պի­տի մնան»,- դի­տել տո­ւած է Կի­րօ Մա­նո­յեան:

Ռու­սիա-­Թուր­քիա-Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մա­սին խօ­սե­լով` Հ.Յ.Դ. Բիւ­րո­յի ան­դա­մը յայտ­նած է, որ հե­տա­գայ մեր­ձե­ցու­մը կրնայ Հա­յաս­տա­նի հա­մար մտա­հո­գիչ դառ­նալ: «­Թուր­քիոյ ու Ատր­պէյ­ճա­նի հետ Ռու­սիոյ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կը մեկ­նին տնտե­սա­կան նպա­տակ­նե­րէ, ինչ որ մե­զի հա­մար ո­րոշ ա­ռու­մով նպաս­տա­ւոր չէ:

Ռու­սիոյ կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին զէնք վա­ճա­ռե­լը մտա­հո­գիչ է, իսկ ե­թէ Թուր­քիա-­Ռու­սիա յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը վերս­տին ու­նե­նան այն ձե­ւը, զոր առ­կայ էր մին­չեւ օ­դա­նա­ւին կո­ծու­մը, ա­տի­կա կրնայ ա­ւե­լի մտա­հո­գիչ ըլ­լալ, քա­նի որ տնտե­սա­կան կա­պե­րը կրնան սեր­տա­նալ եւ ա­ճիլ ռազ­մա­կան ա­ռու­մով»,- ա­ւել­ցու­ցած է Կ. Մա­նո­յեան: Ա­նոր հա­մա­ձայն՝ Հա­յաս­տան պէտք է զգօն եւ ու­շա­դիր ըլ­լայ, հե­տե­ւի բո­լոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն` իր շա­հե­րը ճիշդ պաշտ­պա­նե­լու հա­մար:

Կի­րօ Մա­նո­յեան նշած է, որ Թուր­քիա ներ­քին հար­ցե­րէն ու­շադ­րու­թիւ­նը շե­ղե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն պի­տի վա­րէ ո՛չ միայն Ղա­րա­բա­ղի հար­ցով, այլ նաեւ շարք մը այլ ար­տա­քին խնդիր­նե­րով, բայց ներ­քին խնդիր­նե­րը այն­քան խոր են, որ պի­տի ստի­պեն իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը` ա­ռե­րեսուե­լու այդ հար­ցին հետ: «­Խառ­նակ­չու­թիւ­նը ակն­կա­լե­լի է շրջա­նա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան մէջ, այդ պատ­ճա­ռով ալ անհ­րա­ժեշտ է, որ ըլ­լանք զգօն ու միա­կամ, չեմ ը­սեր` բո­լոր հար­ցե­րուն մէջ հա­մա­կար­ծիք, բայց հիմ­նա­կան թի­րախ­նե­րը նոյ­նը պէտք է ըլ­լան բո­լո­րիս հա­մար»,- հաս­տա­տած է Հ.Յ.Դ. Հայ Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տուն:

Կի­րօ Մա­նո­յեան խօ­սած է նաեւ Հա­յաս­տա­նի մէջ զի­նեալ­նե­րու կող­մէ ոս­տի­կա­նու­թեան պա­րե­կա­պա­հա­կա­յին ծա­ռա­յու­թեան գուն­դի տա­րած­քի գրաւ­ման մա­սին` հաս­տա­տե­լով, որ ա­տի­կա վատ ազ­դե­ցու­թիւն պի­տի ու­նե­նան Հա­յաս­տա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն վրայ: Ըստ ա­նոր՝ այդ ազ­դե­ցու­թեան չա­փը կա­խեալ պի­տի ըլ­լայ նաեւ ստեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կի հան­գու­ցա­լու­ծու­մէն:

«Ար­դէն յայ­տա­րա­րած ենք` երկ­րին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու այս­պի­սի մի­ջոց­նե­րը կու­սակ­ցու­թեան հա­մար ըն­դու­նե­լի չեն: Ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ա­ռու­մով ա­սի­կա Հա­յաս­տա­նի հա­մար միայն վատ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նի եւ պի­տի շա­րու­նա­կէ ու­նե­նալ, տա­կա­ւին չենք գի­տեր, թէ ինչ­պէս պի­տի ա­ւար­տի: Ե­թէ զո­հե­րու ա­ւե­լի մեծ թի­ւով ա­ւար­տի, ա­տի­կա ա­ւե­լի վատ պի­տի ըլ­լայ երկ­րի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար»,- յայտ­նած է Կի­րօ Մա­նո­յեան:

Ան նշած է, որ հա­սա­րա­կու­թեան մօտ դժգո­հու­թիւն կայ, սա­կայն ա­տի­կա չ­՛ար­դա­րաց­ներ բռնի քայ­լե­րու դի­մե­լը: «­Հա­սա­րա­կու­թեան ար­ձա­գան­գէն կ­՛ե­րե­ւի, որ ան չի կի­սեր այս ձե­ւով հար­ցեր լու­ծե­լու մօ­տե­ցու­մը: Միւս կող­մէ, անհ­րա­ժեշտ է, որ հա­սա­րա­կու­թիւ­նը, ընդ­հա­նուր առ­մամբ, կազ­մա­կեր­պո­ւած ըլ­լայ, որ ազ­դէ երկ­րին մէջ փո­փո­խու­թիւն­ներ կա­տա­րե­լու վրայ, որ մար­դիկ այս­պի­սի ծայ­րա­յեղ մի­ջոց­նե­րու դի­մե­լու մա­սին չմտա­ծեն»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան:

Ս­տեղ­ծո­ւած ի­րա­վի­ճա­կին վե­րա­բե­րեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տա­կան Կու­սակ­ցու­թեան հետ քննար­կում ու­նե­նա­լու հար­ցին մա­սին հար­ցու­մի մը պա­տաս­խա­նե­լով` Կի­րօ Մա­նո­յեան ա­ռա­ջար­կած է այդ մա­սին հարց­նել Հ.Յ.Դ. Գե­րա­գոյն Մար­մի­նին: