Երեւանի կեդրոնը երթ կայացուցած «Ո՛չ թալանին» նախաձեռնութեան անդամները 18 Յուլիսին նստացոյցի սկսած են Մաշտոց եւ Թումանեան փողոցներուն մէջ:
Անոնք պահանջած են ազատ արձակել Ազատութեան հրապարակէն բերման ենթարկուած քաղաքացիները: Համոզուելով, որ երթի մասնակիցները ազատ պիտի արձակուին, անոնք աւելի ուշ ուղղուած են դէպի Ազատութեան հրապարակ: