altՀա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին Անվ­տան­գու­թեան Ծա­ռա­յու­թեան (Ա.Ա.Ծ.) քննչա­կան վար­չու­թեան մէջ ա­ւար­տած է, «­Հայ­կա­կան Ա­տո­մա­յին Ե­լեկտ­րա­կան Կա­յան» Փ.Բ. ըն­կե­րու­թեան մէջ, գնում­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ ար­ձա­նագ­րո­ւած չա­

րա­շա­հում­նե­րու դէպ­քի առ­թիւ յա­րու­ցո­ւած քրէա­կան գոր­ծի նա­խաքն­նու­թիւ­նը,-

այս մա­սին կը յայտ­նեն Հ.Հ. Ա.Ա.Ծ. մա­մու­լի կեդ­րո­նը: Նա­խաքն­նու­թեամբ պար­զո­ւած է, որ «­Հայ­կա­կան Ա­տո­մա­յին Ե­լեկտ­րա­կան Կա­յան» Փ.Բ. ըն­կե­րու­թեան գլխա­ւոր տնօ­րէն Գ. Մար­կո­սեան, նոյն ըն­կե­րու­թեան վա­ճառ­քի տնօ­րէն Ռ. Մով­սէ­սեան, ե­լեւ­մուտ­քի եւ տնտե­սու­թեան գծով գլխա­ւոր տնօ­րէ­նի տե­ղա­կալ Մ. Մով­սի­սեան եւ վե­րա­նո­րոգ­ման, նա­խա­պատ­րաստ­ման եւ կար­գա­ւոր­ման բաժ­նի պետ, գնում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու ստո­րա­բա­ժան­ման ղե­կա­վար Է. Ղա­զա­րեան, ստեղ­ծե­լով կազ­մա­կեր­պո­ւած յան­ցա­գործ խումբ եւ օգ­տա­գոր­ծե­լով ի­րենց պաշ­տօ­նէա­կան դիր­քը, կա­տա­րած են ա­ռանձ­նա­պէս խո­շոր չա­փե­րով յափշ­տա­կու­թիւն` պե­տու­թեան պատ­ճա­ռե­լով էա­կան վնաս:

Ձեռ­նար­կո­ւած քննչա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու ար­դիւն­քով՝ յան­ցա­գոր­ծու­թիւ­նը բա­ցա­յայ­տո­ւած է, իսկ ա­տով պե­տու­թեան պատ­ճա­ռո­ւած 783 մի­լիոն 586 հա­զար դրա­մի չա­փով վնա­սը ամ­բող­ջու­թեամբ հա­տու­ցո­ւած է: Ք­րէա­կան գոր­ծը մե­ղադ­րա­կան եզ­րա­կա­ցու­թեամբ ու­ղար­կո­ւած է դա­տա­րան: