altԱր­ցա­խի մէջ ար­դէն սկսած են Դաշ­նակ­ցու­թեան ա­ւան­դա­կան դար­ձած Պա­տա­նե­կան բա­նա­կում­նե­րը: Ար­դէն 6րդ տա­րին է, որ տար­բեր եր­կիր­նե­րէ Ար­ցախ ուղ­ղո­ւած սփիւռ­քա­հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ, Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան հետ հա­մա­տեղ, բա­նա­

կում­ներ կը կազ­մա­կեր­պեն Ար­ցա­խի տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ:

Այս տա­րի բա­նա­կում­նե­րուն մեկ­նար­կը տրո­ւե­ցաւ Աս­կե­րան քա­ղա­քէն, ուր շուրջ 140 ե­րե­խա­ներ կ­՛ան­ցը­նեն ի­րենց ա­մառ­նա­յին ար­ձա­կուր­դը՝ ո՛չ միայն ու­րախ ժա­մանց ապ­րե­լով, այլ նաեւ բա­նա­կու­մի ըն­թաց­քին սոր­վե­լով շատ կա­րե­ւոր բա­ներ:

14 Յու­լի­սին Աս­կե­րա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած է Հ.Յ.Դ.ի կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող պա­տա­նե­կան բա­նա­կու­մի հան­դի­սա­ւոր բա­ցու­մը։ Պա­տա­նե­կան բա­նա­կու­մը կազ­մա­կեր­պո­ւած է Հ.Յ.Դ. Ա­մե­րի­կա­յի ա­րեւմ­տեան ա­փի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան կող­մէ՝ Հ.Յ.Դ. Ար­ցա­խի Ե­րի­տա­սար­դա­կան Միու­թեան հետ գոր­ծակ­ցա­բար: