Հայաստանի Ազգային Ողիմպիական Կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը գրէ, որ լողորդներ Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան, Ռիօ-2016ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք ստացած են` «ճերմակ քարտ»ով:
Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով՝ Հայաստան ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կ՛ունենայ 33 ներկայացուցիչ:
Արդէն իսկ որոշուած է 32ը: Մնացած է ճշդել միայն երկու կին ծանրաբարձներէն մէկը:
Նշենք, որ յառաջիկայ 5 Օգոստոսին սկսելիք այս 31րդ խաղերուն կը մասնակցին 10.500 երկսեռ մարզիկներ (մրցանիշ մը):
Ստորեւ` Հայաստանի հաւաքականին կազմը.
ԼՈՂԱՐՇԱՒ
Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան։
ԱԹԼԵԹԻԶՄ
Լիլիթ Յարութիւնեան, Ամալեա Շառոյեան, Լեւոն Աղասեան, Գայեանէ Չիլոյեան, Տիանա Խուբեսերեան եւ Գոռ Ներկարարեան։
ՄԱՐՄՆԱՄԱՐԶՈՒԹԻՒՆ
Հուրի Գեբեշեան, Յարութիւն Մերտինեան եւ Արթուր Դաւթեան։
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ-ԱԶԱՏ ՈՃ
Լեւան Բերիանիձէ, Գէորգի Կեթոյեւ, Դաւիթ Սաֆարեան եւ Գառնիկ Մնացականեան։
ԸՄԲՇԱՄԱՐՏ- ՅՈՒՆԱՀՌՈՄԷԱԿԱՆ ՈՃ
Արթուր Ալեքսանեան, Մաքսիմ Մանուկեան, Արսէն Ջուլֆալակեան եւ Միհրան Յարութիւնեան։
ՀՐԱՑԱՆԱՁԳՈՒԹԻՒՆ
Հրաչիկ Բաբայեան։
ԿՌՓԱՄԱՐՏ
Նարեկ Աբգարեան, Արամ Աւագեան, Վլատիմիր Մարգարեան, Արթուր Յովհաննիսեան եւ Յովհաննէս Պաչքով։
ԺԻՒՏՕ
Յովհաննէս Դաւթեան։
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ-ՏՂԱՔ
Գոռ Մինասեան, Ռուբէն Ալեքսանեան, Առաքել Միրզոյեան, Անդրանիկ Կարապետեան եւ Սիմոն Մարտիրոսեան։
ԾԱՆՐԱԲԱՐՁՈՒԹԻՒՆ-ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Նազիկ Աւդալեան
եւ ցարդ… անորոշ: