Հայաստան մուտք կը գործէ միջազգային «Քարլսըն Ռեզիտըր» ընկերութեան պատկանող «Ռետիսսըն Պլու» պանդոկներու ցանցը:Հայաստանի նախագահին ներկայութեամբ տեղի ունեցած է բացումը Երեւանի առաջին 5 աստղանի պանդոկին, որ վեր կը խոյանայ
«Յաղթանակ» զբօսայգիի կողքին, եւ որ այցելուներուն կը խոստանայ անգերազանցելի ծառայութիւններ մատուցել:
«Իսկապէս հաճելի է Հայաստանի մէջ ներկայացնել մեր պանդոկը, որ կը յատկանշուի իր յատուկ ոճով եւ «Այո՛, կրնամ» գաղափարախօսութեամբ, որով կ՛առաջնորդուին ցանցին բոլոր պանդոկները:
Շնորհակալ ենք մեր գործընկեր «Գոլդեն Փելիս» ընկերութեան, որուն հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ այս 5 աստղանի պանդոկը արդէն մուտք կը գործէ նաեւ Երեւան»,- ըսած է «Ռետիսսըն Պլու Երեւան»ի գլխաւոր տնօրէն Ճորճ Միուն: Ըստ անոր՝ միջազգային մակնիշ ներկայացնելէ զատ, իրենք նաեւ բարձրակարգ ծառայութիւններ կը մատուցեն, ինչ որ անտարբեր չի ձգեր ոեւէ յաճախորդ: Ստեղծուած է 134 աշխատատեղ, ուր միակ օտարը, Միուի համաձայն, ինքն է:
Բացման ընթացքին Հայաստանի նախագահը շրջագայած է Երեւանի բարձրակարգ պանդոկներու շարքը համալրած «Ռետիսսըն Պլու» պանդոկին մէջ, ծանօթացած՝ կատարուած աշխատանքներուն, իրականացուած ներդրումներուն, ստեղծուած աշխատատեղերուն եւ առաջարկուող ծառայութիւններու որակին: