Ամերիկեան հեղինակաւոր CNN կայանը Հայաստանը ներառած է 15 լաւագոյն գինեգործական ուղղութիւններու շարքին: «Իտալացիները կ՛ըսեն, որ «ուտելիքը առանց գինիի նման է առանց արեւի օրուան»:
Իրականութեան մէջ, շատ մշակոյթներու համար գինին ուտելիքի կարեւոր մասն է, եւ գինիի արտադրութիւնը Միջերկրականեան տարածաշրջանէն տարածուած է բոլոր մայրացամաքներ: «Գինիի արժեւորումը բարձր մակարդակի վրայ է եւ յանգեցուցած է գինեգործական երթուղիներու յառաջացման, երբ Գերմանիան 1935 թուականին բացած է իր սեփական Վայնշտրասէն (Գինիի երթուղին):
«Այսօր գինեգործական երթուղիներն ու զբօսաշրջային պտոյտները աւելի հիասքանչ են, քան առաջ` կարեւորէն (Պորտօ) եւ գեղարուեստականէն (Քէյփ Թաուն) մինչեւ պատմականը (Հայաստան) ու անսպասելին (Պրազիլը)»,- «Արմենփրես»ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ CNN` ներկայացնելով 15 լաւագոյն գինեգործական երթուղիները: Աւստրալիայէն, Ա.Մ.Ն.ի Քալիֆորնիայէն, Փորթուկալէն, Հարաւային Ափրիկէէն, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Չիլիէն, Գանատայէն, Իտալիայէն, Պրազիլէն, Արժանթինէն, Սպանիայէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն ետք, CNN անցում կը կատարէ դէպի Հայաստան` Վայոց ձոր:
«Համաձայն Աստուածաշունչին` Հայաստան աշխարհի մէջ գինիի արտադրութեան առաջին տարածաշրջանն է, քանի որ անիկա Արարատ լերան լանջերուն է, ուր Նոյ Ջրհեղեղէն ետք տնկեց առաջին որթը: «Հնագէտները կը համաձայնին, որ ոչ-վաղ անցեալին հոս յայտնաբերուած է 6100 տարուան հնութեան գինեգործարան: «Տեղական Արենիի բազմազանութիւնը դարեր շարունակ մնացած է անփոփոխ` շնորհիւ բարձր դիմացկունութեան:
Վայոց ձորը այն տարածաշրջանն է, ուր գինիի արարման կը նպաստէ տարեկան 300 արեւոտ օրը: «Ամենաշատ կազմակերպուող պտոյտները տեղի կ՛ունենան այն տարածքներ, ուր կայ աննման կարմիր Areni Noirը, որ 2012 թուականին Հայաստանը դրաւ միջազգային գինեգործական քարտէզի վրայ»,- կը նշէ CNN: