13 Յուլիսին տեղի ունեցաւ Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան հիւանդութեանց վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի եւ Հայաստանի գիւղատընտեսութեան նախարարութեան սննդամթերքի անվտանգութեան պետական ծառայու
թեան կեդրոնական կառոյցներու բացման արարողութիւնը, որուն ներկայ էին Հայաստանի առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան, գիւղատնտեսութեան նախարար Սերկէյ Կարապետեան, Հայաստանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Միլզ, Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու Նուազեցման Գործակալութեան ներկայացուցիչ Էլիզապէթ Ճորճ:
«Առողջապահութեան մարզին մէջ նման տարրալուծարանի բացումը անգամ մը եւս կ՛ընդգծէ այն, որ մենք հանրային առողջապահական ծրագիրները կը նկատենք գերակայ ուղղութիւն, եւ իւրաքանչիւր նման ծրագիր արժանահաւատ կը դարձնէ մեր մօտեցումները բնակչութեան համար: Անիկա կոչուած է ամբողջովին փոխելու մեր պատկերացումները վարակիչ հիւանդութիւններու յայտնաբերման, անոնց պատճառներու ճշդման եւ կանխարգիլող արշաւներու կազմակերպման առումով»,- ըսած է առողջապահութեան նախարար Արմէն Մուրադեան` տեղեկացնելով, որ 14 Յուլիսին նմանատիպ կեդրոն պիտի բացուի նաեւ Գիւմրիի մէջ:
Կեդրոնները կառուցուած եւ վերանորոգուած են Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան բաժանմունքի Վտանգներու Նուազեցման Գործակալութեան աջակցութեամբ: Դեսպան Ռիչըրտ Միլզ իր խօսքին մէջ կարեւոր նկատած է երկու նախարարութիւններուն հետ համագործակցութիւնը: «Այս նոր ազգային կառոյցի բացումը եւ մեր համագործակցութիւնը նախարարութիւններուն հետ շահաւէտ է ո՛չ միայն Հայաստանի համար` ապահովելով երկրի անվտանգութիւնը, այլ նաեւ ամբողջ աշխարհին համար` օգնելով հիւանդութիւններու տարածման դէմ պայքարին: Մենք գիտենք, որ ներկայիս համաշխարհայնացուած եւ փոխ-կապակցուած աշխարհին մէջ հիւանդութիւնները սահմաններ չեն ճանչնար:
Ուստի պէտք է բոլորս միասին աշխատինք կենսաբանական զէնքերու տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ»: Գիւղատընտեսութեան նախարարութեան կեդրոնին համար ներդրուած է 4,1 միլիոն, իսկ առողջապահութեան նախարարութեան կեդրոնին համար` 9,8 միլիոն տոլար: