­altԹե­սա­ղո­նի­կէ քա­ղա­քին մէջ, 4-8 ­Յու­լի­սին, տե­ղի ու­նե­ցած Ուղ­ղա­փառ Ե­րես­փո­խան­նե­րու 23րդ ­միջ-խորհր­դա­րա­նա­կան վե­հա­ժո­ղո­վին կող­մէ որ­դեգ­րո­ւած է յայ­տա­րա­րու­թիւն մը, որ կը վե­րա­բե­րի Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մին:

Վե­հա­ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցած ­Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր­ներ Մկր­տիչ ­Մի­նա­սեան ու Ա­րա­գած Ա­խո­յեան նման յայ­տա­րա­րու­թեան որ­դեգ­րու­մը նկա­տած են մեծ ձեռք­բե­րում: ­Յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը միա­ձայ­նու­թեամբ ըն­դու­նած են 27 եր­կիր­նե­րու ե­րես­փո­խան­ներ։

­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տա­կան ­Կու­սակ­ցու­թեան ան­դամ Մ. ­Մի­նա­սեան ը­սած է, որ ­Հա­յաս­տան ար­դէն 23 տա­րի է կը մաս­նակ­ցի վե­հա­ժո­ղո­վի աշ­խա­տանք­նե­րուն եւ կը նկա­տո­ւի հիմ­նա­դիր­նե­րէն։ «­Վե­հա­ժո­ղո­վի ո­րո­շում­ներն ու­ղարկ­ւում են Մ.Ա.Կ.»,- ա­ւել­ցու­ցած է ան։ ­Պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն հա­մա­ձայն՝ ի­րենք վե­հա­ժո­ղո­վի մաս­նա­կից­նե­րէն խնդրած ու պա­հան­ջած են, որ դէպ­քե­րուն տրո­ւին յստակ ու հաս­ցէագ­րո­ւած գնա­հա­տա­կան­ներ:

«­Մենք բա­ւա­կա­նին եր­կար աշ­խա­տե­ցինք յայ­տա­րա­րու­թեան վրայ: Ես մեծ վե­րա­բեր­մունք զգա­ցի յոյ­նե­րի կող­մից, ո­րոնք լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն ու­նեն»,- դի­տել տո­ւած է ­Մի­նա­սեան։ ­Յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ յատ­կա­պէս գրո­ւած է.- «­Մենք կը դա­տա­պար­տենք Ատրպէյ­ճա­նի կող­մէ վեր­ջերս ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի շփման գի­ծին եր­կայն­քին ի­րա­վի­ճա­կի լա­րու­մը»:

Հոն կը նշո­ւի նաեւ, որ նա­խա­յար­ձակ կող­մը ե­ղած է Ատր­պէյ­ճան, որ ծանր սպա­ռա­զի­նու­թիւն օգ­տա­գոր­ծած եւ քա­ղա­քա­ցի­նե­րով բնա­կո­ւած շրջան­նե­րուն վրայ կրակ բա­ցած է։ ­Յայ­տա­րա­րու­թեան տակ ստո­րագ­րած ե­րես­փո­խան­նե­րը ան­հե­ռա­տես քայլ նկա­տած են ­Ղա­րա­բա­ղեան խնդի­րը ռազ­մա­կան ճամ­բով լու­ծե­լու ատր­պէ­յա­նա­կան փոր­ձե­րը։