11 Յուլիսին, Գիւմրիի մէջ հանդիսաւոր կերպով բացումը կատարուեցաւ քաղաքին կեդրոնը գտնուող Հ.Յ.Դ. երիտասարդական նոր կեդ
րոնին: Կեդրոնը` 18րդ դարուն կառուցուած եւ Ալեքսանդրապոլի մեծահարուստ Ղունկի Աղային տունը եղած կառոյցին մէջ կը գտնուի: «Շիրվանեան Երիտասարդական Կեդրոն»ը վերանորոգուած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Մշակութային Հաստատութեան (Հ.Յ.Դ.) նախաձեռնութեամբ: Շէնքի վերանորոգման աշխատանքները հովանաւորած են բարերարներ Յակոբ եւ Մինա Շիրվանեանները, այդ պատճառով ալ հաստատութիւնը կը կրէ «Շիրվանեան Երիտասարդական Կեդրոն» անունը:
Հանդիսաւոր բացման արարողութեան ներկայ էին սփիւռքէն հարիւրաւոր հիւրեր, Շիրակի մարզպետը, Գիւմրիի քաղաքապետը, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի եւ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչներ, 2016 թուականի Հ.Յ.Դ. տարեկան ճամբարին մասնակից պատանիներ, Հ.Յ.Դ. երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւններու անդամներ: Կեդրոնի բացումէն առաջ խօսք արտասանեցին ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդութեան հետ հարցերու բաժինի պատասխանատու Սարգիս Մկրտչեան եւ Հ.Յ.Դ. Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան: