­altՅու­լիս 11ին «Ս­փիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցի մաս­նա­կից­նե­րը՝ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ, հիւ­րըն­կա­լո­ւե­ցան Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վէն ներս: Ա­նոնց ըն­դու­նեց Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի նա­խա­գահ ­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան:

Ող­ջու­նե­լով մաս­նա­կից­նե­րը՝ Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը կա­րե­ւոր նկա­տեց նմա­նա­տիպ ծրագ­րե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը:

­Գա­լուստ ­Սա­հա­կեան յայտ­նեց, որ ա­նոնք շա­րու­նա­կա­կան պի­տի ըլ­լան: Ան մաս­նա­ւո­րա­պէս նշեց.- «2012թ., երբ մեկ­նար­կեց ծրա­գի­րը, մտա­վա­խու­թիւն կար՝ կը ստա­ցո­ւի՞ կեան­քի կո­չել այն:
Անց­նող տա­րի­նե­րը ցոյց տո­ւե­ցին, որ «Ս­փիւռք» ա­մառ­նա­յին դպրո­ցը ոչ միայն կա­յա­ցաւ, այ­լեւ տա­րէց­տա­րի ա­ւե­լի է ընդ­լայն­ւում, կա­տա­րե­լա­գործ­ւում՝ նա­խա­րա­րու­թեան եւ յատ­կա­պէս նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեա­նի ջան­քե­րի շնոր­հիւ:

Ես ծա­նօ­թա­ցել եմ այս տա­րո­ւայ ծրագ­րին, այն խո­րու­թեամբ մշա­կո­ւած, հիմ­նա­ւոր ծրա­գիր է, ո­րի շնոր­հիւ դուք ծա­նօ­թա­նում էք մեր ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րին, վե­րա­պատ­րաստ­ւում եւ որ­պէս մաս­նա­գէտ­ներ վե­րա­դառ­նա­լով ձեր բնա­կու­թեան եր­կիր­ներ՝ կա­րող էք հա­յե­րէնն ու հայ մշա­կոյ­թը փո­խան­ցել մա­տաղ սե­րուն­դին, ձեր հա­սա­կա­կից­նե­րին»:

­Ներ­կա­նե­րը ող­ջու­նեց նաեւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րար Հ­րա­նոյշ ­Յա­կո­բեան: Ան ը­սաւ, որ ար­դէն ա­ւան­դոյթ դար­ձած է Հ.Հ. Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին դպրո­ցի մաս­նա­կից­նե­րու հիւ­րըն­կա­լու­թիւ­նը: ­Դի­մե­լով Ա.Ժ. նա­խա­գա­հին՝ նա­խա­րա­րը ը­սաւ.- «­Յար­գար­ժան պա­րոն ­Սա­հա­կեան, շնոր­հա­կալ ենք ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան հա­մար: ­Դուք ձեր բազ­մազ­բաղ ա­ռօ­րեա­յում ժա­մա­նակ էք գտնում եւ հան­դի­պում մեր ծրագ­րե­րի մաս­նա­կից­նե­րի հետ, պա­տաս­խա­նում էք նրանց յու­զող հար­ցե­րին:

­Դուք մեծ ու­շադ­րու­թիւն էք դարձ­նում մեր լե­զո­ւի եր­կու ճիւ­ղե­րին էլ: Ու­զում եմ ձեզ տե­ղե­կաց­նել, որ յատ­կա­պէս վեր­ջին տա­րի­նե­րին Գ.Ա.Ա. Ա­ճա­ռեա­նի ա­նո­ւան լե­զո­ւի ինս­տի­տու­տի (հիմ­նարկ) հետ հա­մա­տեղ մեծ ու­շադ­րու­թիւն ենք դարձ­նում ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի պահ­պան­ման եւ զար­գաց­ման խնդիր­նե­րին: Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թիւ­նը ա­մէն բան ա­նում է այդ եւ միւս ա­ռաջ­նա­հերթ հար­ցե­րին լու­ծում­ներ տա­լու ուղ­ղու­թեամբ»:

Հ.Հ. Ա.Ժ. նա­խա­գա­հը եւ Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը պա­տաս­խա­նե­ցին մաս­նա­կից­նե­րու հար­ցե­րուն, ո­րոնք կը վե­րա­բե­րէին հայ­րե­նա­դար­ձու­թեան եւ հա­յա­պահ­պա­նու­թեան խնդիր­նե­րուն, ­Հա­յաս­տան-
Ս­փիւռք կա­պե­րու ամ­րապնդ­ման, կրթա­կան եւ մշա­կու­թա­յին ո­լորտ­նե­րու մէջ ի­րա­կա­նա­ցո­ւող ծրագ­րե­րուն: