Հայաստանի Հանրապետութեան կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է պետական եւ ոչ-պետական բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու 2016-2017 ուսումնական տարուան առկայ ուսուցման ընդունելութեան հանրապետական ընդունող յանձնաժողովի առաջին նիստը, զոր վարած է յանձ
նաժողովի նախագահ նախարար Լեւոն Մկրտչեան: Անդրադառնալով միասնական քննութիւններու ընդհանուր պատկերին` կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը նշած է, որ արդիւնքներու վերաբերեալ պէտք է կատարուի վերլուծութիւն.- «Մենք պէտք է քննարկենք առանձնացուած աւագ դպրոցներու, համալսարաններուն կից վարժարաններու եւ միջնակարգ դպրոցներու միասնական քննութիւններու արդիւնքները:
Մեզի համար շատ կարեւոր է հասկընալ, թէ ո՛ր դպրոցներու շրջանաւարտները աւելի բարձր նիշեր ապահովեր են, որպէսզի ատիկա կարենանք օգտագործել հանրակրթութեան մարզին մէջ հետագայ քաղաքականութեան հիմքը դնելու մէջ»,- նշած է նախարարը եւ աւելցուցած.- «Մենք ունինք մասնագիտութիւններ եւ մասնագիտացումներ, որոնք չեն համալրուիր` աշխատաշուկային կողմէ այսօր պահանջուած չըլլալու պատճառով: Մենք չենք կրնար թոյլ տալ, որ կրթութիւնն ու գիտութիւնը ծառայեն սոսկ աշխատաշուկայի պահանջներու սպասարկման: Մենք ունինք մասնագիտական կարեւոր ուղղութիւններ, որոնց ինքնապահպանումը ինքնին արժէք է»,- նշած է նախարար Լեւոն Մկրտչեան եւ համալսարաններու տեսուչներուն յանձնարարած է ներկայացնել ցանկը պետական հոգածութեան անհրաժեշտութիւն ունեցող այն մասնագիտութիւններու, որոնք կարեւորուած են` ինչպէս հեռանկարային զարգացման, այնպէս ալ մասնագիտական դպրոցի պահպանման առումներով:
Նախարարը առաջարկած է տեսուչներու խորհուրդի յառաջիկայ նիստերէն մէկուն քննարկման դնել այդ առաջարկները, հաշուի առնելով այն հանգամանքը, որ բարձրագոյն եւ յետ-համալսարանական կրթութեան մասին նոր օրէնքի նախագիծը արդէն թեւակոխած է քննարկումներու փուլը: Նիստի ընթացքին տեսուչները մտահոգութիւն յայտնած են ընդունելութեան համակարգի շարք մը խնդիրներու առնչութեամբ` շեշտելով, որ դիմողներու քանակի ընդհանուր նուազումը իր անդրադարձը կ՛ունենայ համալսարաններու ֆինանսական կայունութեան, զարգացման հեռանկարի եւ կրթութեան որակին վրայ: