Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան (Հ.Ա.Պ.Կ.) անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով՝ արդէն Երեւան կը գտնուի Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով
, որ 4 Յուլիսին հանդիպում ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին հետ: Երեւան հասած է եւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունեցած է նաեւ Հ.Ա.Պ.Կ.ի գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժան:
Աւելի ուշ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` Երեւանի մէջ տեղի ունեցած հանդիպման ընթացքին Նալբանդեան եւ Լաւրով անդրադարձած են հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն, երկկողմ հարցերու եւ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքին:
Զրուցակիցները քննարկած են Ղարաբաղեան տագնապի նուիրուած` Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են շրջանային եւ միջազգային հրատապ խնդիրներու շուրջ: