Լեռնային Ղարաբաղի գլխաւոր դատախազութիւնը 3 առանձին քրէական գործեր յարուցած է 19ամեայ եզիտի զինուոր Քեարամ Սլոյեանի, վարորդ Հրանդ Ղարիբեանի եւ 31ամեայ գնդապետ Հայկ Թորոյեանի գլխատման փաստերով:
Փորձաքննութիւններու արդիւնքները ցոյց տուած են, որ Քեարամ Սլոյեան ու Հրանդ Ղարիբեան գլխատուած են յետ մահու, մինչ 31ամեայ գնդապետ Հայկ Թորոյեանին ատրպէյճանցի գազանները գլխատած են անոր տակաւին ողջ եղած ժամանակ: Ղարաբաղի դատախազութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւններով մանրամասնօրէն ներկայացուցած է, թէ իւրաքանչիւրի պարագային ինչպէ՞ս վրայ հասած է մահը:
Բացի գլխատումներէն՝ ատրպէյճանական կողմը նաեւ խոշտանգած է Ապրիլեան պատերազմի ժամանակ զոհուած շուրջ 2 տասնեակ հայ զինծառայողներու մարմինները: Լեռնային Ղարաբաղի դատախազութիւնը կը տեղեկացնէ, որ 15 հայ զինծառայողներու ականջները կտրուած են, քանի մը զինուորներու մատները կտրուած են, ուրիշներու աչքերը հանուած են: Քրէական գործեր յարուցուած են 19 զինծառայողներու մարմիններու խոշտանգումներու փաստերով:
Ղարաբաղի նախագահի աշխատակազմի ղեկավարի տեղակալ Դաւիթ Բաբայեան ընդգծած է, որ միջազգային հանրութիւնը պարտաւոր է արձագանգելու զինուորներուն ողջ վիճակի մէջ գլխատելու եւ խոշտանգելու այս փաստերուն: «Այն, ինչ տեղի է ունեցել, սա… պարզապէս… կենդանական աշխարհում այդպիսի բաներ չկան, դա ոչ այլ ինչ է, քան մոլագարութիւն, ֆաշիզմ… չգիտեմ, հայատեացութիւն, մարդատեացութիւն, նորմալ մարդը չի կարող գնալ նման քայլի:
Բայց սա եւս մէկ անգամ ցոյց է տալիս, թէ ո՞ւմ հետ մենք գործ ունենք: Դա ոչ միայն անհատների նկատմամբ տարուող քաղաքականութիւն է, նրանք մեր ազգին ուզում են այդ ճակատագրին արժանացնել: Եթէ իրենք տեսնում են, որ մեր վիրաւորուած զինծառայողն ընկել է իրենց մօտ, նրանք բարբարոսաբար գլխատում են մարդկանց, ողջ թէ զոհուած, դա նորմալ մարդը չի կարող անել»,- յայտնած է Բաբայեան: