­­altՅու­նիս 24ին, կա­ռա­վա­րա­կան յա­տուկ հրա­մա­նագ­րով, Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան, մի­ջազ­գա­յին եւ ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու հետ կա­պե­րու վար­չու­թեան պետ նշա­նա­կո­ւե­ցաւ ­Նա­յի­րի Մկր­տի­չեան, որ 2001էն 2007 ե­ղած էր ­Պոս­թը­նի Հ.Յ.Դ. օր­գան «­

Հայ­րե­նիք»ի թղթա­կի­ցը ­Հա­յաս­տա­նի մէջ:

­Նա­յի­րի Մկր­տի­չեան ծնած է 1968 թո­ւա­կա­նին՝ ­Գա­միշ­լի (­Սու­րիա): Ան 2001 թո­ւա­կա­նին ա­ւար­տած է ­Պէյ­րու­թի ­Հա­մազ­գա­յի­նի ­Հա­յա­գի­տա­կան ­Հիմ­նար­կի «­Լե­զու եւ Գ­րա­կա­նու­թիւն» բա­ժի­նը:
2001 թո­ւա­կա­նին վերջ­նա­կան կայք հաս­տա­տած է ­Հա­յաս­տա­նի մէջ։ 2003ին ա­ւար­տած է Ե­րե­ւա­նի ­Պե­տա­կան ­Հա­մալ­սա­րա­նի բա­նա­սի­րու­թեան բա­ժան­մուն­քի «Կր­թու­թեան կա­ռա­վա­րում» բա­ժի­նը:

2012ին հիմ­նո­ւած, ­Հա­յաս­տա­նի մէջ գոր­ծող սփիւռ­քեան ա­ռա­ջին եւ միակ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն «Ե­ռա­գոյն» լրա­տո­ւա­կան կայ­քի հիմ­նա­դիր­նե­րէն է եւ եր­կու տա­րի ե­ղած է այդ կայ­քին խմբա­գի­րը: 2014ի ­Սեպ­տեմ­բե­րէն մին­չեւ 2016ի ­Յու­նո­ւա­րը վա­րած է Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան «­Հա­յերն Այ­սօր» ե­լեկտ­րո­նա­յին պար­բե­րա­կա­նի գլխա­ւոր խմբա­գի­րի պաշ­տօ­նը:
Ան կը տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէ­նի եր­կու ճիւ­ղե­րուն, ա­րա­բե­րէն, քրտե­րէն եւ անգ­լե­րէն լե­զու­նե­րուն: