Հայաստան երէկ Յուլիս 5-ին կը նշեց Սահմանադրութեան օրը: 1995 թուականի այդ օրը երկրի Հիմնական օրէնքի նախագիծը ներկայացուեցաւ համաժողովրդական հանրաքուէի: Այն ժամանակուայ ընդդիմութիւնը հանրաքուէի արդիւնքները կեղծուած
համարեց, սակայն պաշտօնական տուեալներով Սահմանադրութիւնը ընդունուեցաւ: Ատիկա անկախ Հայաստանի առաջին Սահմանադրութիւնն էր:
Տասը տարի անց` 2005ի Նոյեմբեր 27ին, երկրին մէջ կրկին տեղի ունեցաւ սահմանադրական հանրաքուէ, երբ քաղաքացիները հաւանութեան արժանացուցին գլխաւոր փաստաթուղթին մէջ առկայ փոփոխութիւնները: Այդ փոփոխութիւններով ընդլայնուեցան խորհրդարանի լիազօրութիւնները: Ընդդիմութեան կոչով հասարակութեան մեծ մասը պոյքոթեց Սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն, սակայն պաշտօնապէս հանրաքուէն համարուեցաւ կայացած եւ այդ փոփոխութիւնները ընդունուեցան:
Սահմանադրութիւնը փոփոխութիւններու ենթարկուեցաւ նաեւ 2015ին: Մասնաւորապէս, 2015-ի Դեկտեմբեր 6-ին տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէ, ըստ որուն՝ Հայաստանը անցում կատարեց կառավարման խորհրդարանական համակարգի, որուն հիման վրայ Հայաստանի մէջ այլեւս տեղի պիտի չունենան նախագահական ընտրութիւններ` համաժողովրդական քուէարկութեամբ: Նախագահը պիտի ընտրուի 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ձեւաւորուած Ազգային ժողովի եւ ընտրիչներու հիմնարկին կողմէ:
Բացի այդ, Սահմանադրական փոփոխութիւններով Ազգային ժողովը պիտի ձեւաւորուի միայն համամասնական ընտրակարգով, այսինքն՝ պիտի չըլլան անկախ թեկնածուներ: Բոլորը պիտի ընտրուին այս կամ այն կուսակցութեան ներկայացուցած ցուցակներով: Նշենք, որ ըստ Հ.Հ. Սահմանադրութեան առաջին եւ երկրորդ յօդուածներուն Հայաստանի Հանրապետութիւնը ինքնիշխան, ժողովրդավարական, սոցիալական, իրաւական պետութիւն է, իսկ Հ.Հ. իշխանութիւնը կը պատկանի ժողովուրդին: «Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» օրէնքով` 2001ի Յուլիս 24ի որոշումով Յուլիս 5ը կը նշուի իբրեւ Սահմանադրութեան օր եւ յայտարարուած է ոչ աշխատանքային: