­altՅու­նիս 27ին, լրագ­րող­նե­րը Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի Հ.Յ.Դ. խմբակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Ար­մէն ­Ռուս­տա­մեա­նէն հե­տաքրք­րո­ւած են, թէ ին­չո՛վ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւած են Ա­լիե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը այն մա­սին, որ սահ­մա­նին վրայ հե­տաքն­նու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղադ­րու­մը ա­ւե­լորդ է, եւ որ Ատր­պէյ­ճա­նը ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի

հար­ցի լուծ­ման պի­տի եր­թայ փու­լա­յին տար­բե­րա­կով:

­Ռուս­տա­մեան ը­սած է, թէ Ա­լիե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, որ այդ ա­մէ­նը Ա­լիե­ւի ցան­կու­թիւնն է, այլ ոչ թէ այն, ինչ որ խօ­սո­ւած է բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին:
«Այն ինչ որ հրա­պա­րա­կո­ւած է, ա­տի­կա հա­մա­ձայ­նե­ցո­ւած է, ուս­տի՝ կա­րե­լի է Ա­լիե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րէն են­թադ­րել, որ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը ըստ ե­րե­ւոյ­թին ի­րենց ոչ-ձեռն­տու ուղ­ղու­թեամբ ըն­թա­ցած են. ա­տի­կա կ­՛ե­րե­ւի հե­տաքն­նու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղադր­ման վե­րա­բե­րեալ հար­ցի շրջան­ցու­մէն:

Ա­տի­կա գլխա­ւոր հար­ցե­րէն մէկն է, եւ ե­թէ ան կ­՛ո­րո­շէ, որ միայն ­Քասփրչի­քի խում­բի ընդ­լայ­նու­մով պի­տի լու­ծո­ւի այդ հար­ցը, ա­տի­կա ո­րա­կա­կան մեծ փո­փո­խու­թիւն յա­ռա­ջաց­նող հարց չէ, այդ պատ­ճա­ռով ալ ան հա­մա­ձայ­նած է ա­նոր: Ո­րա­կա­կան է, ե­թէ ամ­րագ­րո­ւէր հե­տաքն­նու­թիւն­նե­րու կա­յաց­ման մե­քե­նա­կա­նու­թիւ­նը շփման գի­ծի եր­կայն­քով»,- ը­սած է ­Ռուս­տա­մեան` ա­ւելց­նե­լով, որ Ա­լիե­ւի յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը ցոյց կու տան, թէ պա­րոն Ա­լիե­ւին ձեռն­տու չէ հե­տաքն­նու­թեան մե­քե­նա­կա­նու­թիւն­նե­րու տե­ղադ­րու­մը եւ ան կը պատ­րաս­տո­ւի ան­գամ մը եւս խախ­տե­լու զի­նա­դու­լի դրու­թիւ­նը, սա­կայն չ­՛ու­զեր, որ ա­տի­կա ար­ձա­նագ­րո­ւի մի­ջազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րու կող­մէ:

Ա­նոր խօս­քով` Ա­լիեւ տա­կա­ւին չէ հասկ­ցած, որ ե­թէ Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան կար­գա­վի­ճա­կի հար­ցը չլու­ծո­ւի, ու­րեմն ա­նի­մաստ է խօ­սիլ զիջ­ման կամ փոխ-զիջ­ման մա­սին: Ա­ռա­ջին ան­գա­մը չէ, որ ա­կա­նա­տե­սը կ­՛ըլ­լանք, թէ ինչ­պէ՛ս պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւն կը գո­յա­նայ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նին շուրջ, բայց վե­րա­դառ­նա­լով ­Պա­քու` Ա­լիեւ այլ յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէ, այ­սինքն` գործ ու­նինք բա­նակ­ցե­լու ան­պատ­րաստ Ատր­պէյ­ճա­նի հետ: ­Ռուս­տա­մեան վստահ է, որ Ա­լիեւ նման բա­ներ կը յայ­տա­րա­րէ ներ­քին սպառ­ման հա­մար:

­Ռուս­տա­մեա­նի խօս­քով` գո­յու­թիւն ու­նի եր­կու տի­պի Ա­լիեւ.- ­Մէ­կը՝ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու սե­ղա­նին շուրջ, եւ միւ­սը՝ իր սուլ­թա­նա­կան թա­գին բազ­մած Ա­լիեւ, որ ­Պա­քո­ւէն կը յո­խոր­տայ:
­Ռուս­տա­մեան կ­՛եզ­րա­կաց­նէ, որ եր­կա­կի խաղ կը խա­ղայ Ա­լիեւ.- ­Մէկ կող­մէ կը խօ­սի բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու մա­սին, միւս կող­մէ ալ կար­ծես կը պատ­րաս­տո­ւի պա­տե­րազ­մի` ռազ­մա­փոր­ձեր ը­նե­լով: «Այս ան­ձը իր վար­չա­կար­գով չի կրնար բա­նակ­ցու­թիւն­ներ վա­րել մի­ջազ­գա­յին չա­փա­նիշ­նե­րու հա­մա­պա­տաս­խան:

Ա­նոր ը­րած­նե­րը նաեւ բա­րո­յա­կան չա­փա­նիշ­նե­րու մէջ չեն տե­ղա­ւո­րո­ւիր, ինք­զինք յար­գող կող­մը ե­թէ բա­նի մը շուրջ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւի, պէտք է յար­գէ այդ պայ­մա­նա­ւո­րո­ւա­ծու­թիւ­նը: ­Բա­ւա­կան է ար­դէն, բո­լո­րը յոգ­նած են ա­նոր եր­կա­կի խա­ղէն: Ա­սի­կա պէտք է ազ­դակ ըլ­լայ միջ­նորդ կող­մե­րուն հա­մար»,- ը­սաւ ­Ռուս­տա­մեան: ­Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ոչ մէկ զի­ջում կրնայ ըն­դու­նիլ, ե­թէ Ատր­պէյ­ճա­նը չէ ճանչ­ցած Ար­ցա­խի ան­կա­խու­թեան կար­գա­վի­ճա­կը: