­altԹա­լի­շի կռիւ­նե­րուն ծան­րօ­րէն վի­րա­ւո­րո­ւած ­Յով­հան­նէս ­Պօ­ղո­սեա­նը վե­րա­կեն­դա­նաց­ման բա­ժան­մուն­քէն տե­ղա­փո­խո­ւած է հի­ւան­դա­սե­նեակ: «­Կե­նաց-մա­հու պայ­քա­րում ­Յով­հան­նէսս յաղ­թեց, մեր ա­ղօթք­նե­րը տեղ հա­սան: ­Թէեւ բժիշկ­նե­րը ապ­րե­լու զրօ տո­կոս

հա­ւա­նա­կա­նու­թիւն էին տո­ւել, բայց տղաս ապ­րեց, ­Յո­վիկս ու­ժեղ է, մենք այս փոր­ձու­թիւնն էլ յաղ­թա­հա­րե­ցինք»,- կ­՚ը­սէ ­Յով­հան­նէ­սի մայ­րը:

­Մօր խօս­քե­րէն յե­տոյ՝ ­Յով­հան­նէս գլխու շար­ժու­մով կար­ծես թէ կը հաս­տա­տէ մօր խօս­քե­րը՝ ինք ու­ժեղ է ու յաղ­թող: 1995ի ծնունդ ­Յով­հան­նէս ­Պօ­ղո­սեա­նը հրա­զէ­նա­յին ծանր վէր­քեր է ստա­ցած ­Մա­յիս 13ին: Ան ստա­ցած է գան­կու­ղե­ղի հրա­զէ­նա­յին ծանր վէրք, գլխու­ղե­ղի սալ­ջարդ, այլ բազ­մա­բե­կո­րա­յին կոտ­րուածք­ներ: ­Վի­րա­ւո­րո­ւե­լէ յե­տոյ զին­ծա­ռա­յո­ղը տե­ղա­փոխո­ւած էր ­Մար­տա­կեր­տի հի­ւան­դա­նոց, վի­րա­հա­տուած, ա­պա՝ տե­ղա­փո­խո­ւած էր Ս­տե­փա­նա­կեր­տի հի­ւան­դա­նոց, իսկ յե­տոյ՝ Ե­րե­ւան: