altՀ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ­Հայ ­Դա­տի եւ քա­ղա­քա­կան հար­ցե­րու գրա­սե­նեա­կի պա­տաս­խա­նա­տու ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեան, 21 ­Յու­նի­սին «­Թերթ»ին տո­ւած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին, անդ­րա­դար­ձած է ­Պոլ­սոյ ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան ընդ­հա­նուր փո­խա­նորդ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ­Հա­յաս­

տան այ­ցե­լու­թեան եւ այս վեր­ջի­նի կող­մէ ­Թուր­քիոյ նա­խա­գահ ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նին ուղ­ղո­ւած նա­մա­կին, ո­րուն մէջ ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դը նշած էր, թէ մե­ծա­պէս կ­՚ափ­սո­սայ ­Գեր­մա­նիոյ խորհր­դա­րա­նին ո­րո­շու­մին հա­մար:

Ըստ ­Կի­րօ ­Մա­նո­յեա­նի՝ Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի դէմ քայլ պէտք է առ­նէ ոչ թէ ­Հա­յաս­տա­նը կամ սփիւռ­քը, այլ` ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը, ո­րով­հե­տեւ ի վեր­ջոյ Ա­թե­շեա­նը հա­մայն­քին ա­նու­նով կը խօ­սի:

«Երկ­րորդ կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը այն է, որ մենք միշտ պէտք է նկա­տի ու­նե­նանք եւ չմոռ­նանք, որ ­Թուր­քիոյ մէջ հայ հա­մայն­քը պա­տանդ է: Ար­դեօք ա­տի­կա կ­՚ար­դա­րաց­նէ՞ այն, ինչ որ ը­րաւ Ա­թէ­շեան. իմ կար­ծի­քովս` ո՛չ»,- նշած է Կ. ­Մա­նո­յեան` նկա­տել տա­լով, որ ան ա­ռա­ջին եւ վեր­ջին հո­գե­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րը չէ, որ նման ճնշում­նե­րու են­թար­կո­ւած է, սա­կայն ու­րիշ­ներ ա­ւե­լի սկզբուն­քա­յին կե­ցո­ւածք որ­դեգ­րած են: Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դա­մին հա­մա­ձայն՝ մենք դուր­սէն պար­զա­պէս պէտք է շեշ­տենք, որ ա­սի­կա եւս փաստ է, թէ ­Թուր­քիոյ հայ հա­մայն­քը պա­տանդ է:

«­Կը կար­ծեմ, թէ ա­մէ­նէն ճիշ­դը պի­տի ըլ­լայ այն, որ ­Գե­րա­գոյն ­Հո­գե­ւոր ­Խոր­հուր­դը, ո­րուն հա­մա­նա­խա­գահն է Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, շատ դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն ու­նե­նայ ­Պուն­տես­թա­կի բա­նա­ձե­ւին մա­սին: Ն­ման քայլ անհ­րա­ժեշտ է, ո­րով­հե­տեւ մենք այ­սօր ալ կը տես­նենք, թէ ինչ­պէ՛ս Եւ­րո­պա­կան ­Խոր­հուր­դի ­Խորհր­դա­րա­նա­կան ­Վե­հա­ժո­ղո­վին մէջ թուր­քե­րը կ­՚օգ­տա­գոր­ծեն ա­նոր նա­մա­կը` ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծըն­թաց­նե­րուն դէմ»,- դի­տել տուած է ­Մա­նո­յեան:

Անդ­րա­դառ­նա­լով Ֆ­րան­սիս­կոս ­Պա­պի ­Հա­յաս­տան այ­ցե­լու­թեան` Կ. ­Մա­նո­յեան բա­ւա­կան կա­րե­ւոր նկա­տած է ա­տի­կա` հաս­տա­տե­լով, որ այ­ցե­լու­թիւ­նը նաեւ քա­ղա­քա­կան անդ­րա­դարձ­ներ պի­տի ու­նե­նայ, քա­նի որ աշ­խար­հին ու­շադ­րու­թիւ­նը ­Հա­յաս­տա­նի վրայ պի­տի սե­ւե­ռի:
«­Շատ բան կա­խեալ է այն ե­րե­ւոյ­թէն, թէ ի՛նչ պի­տի ը­սէ ­Պա­պը, եւ ե­թէ խօ­սի ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին, ա­տի­կա մեծ օգ­տա­կա­րու­թիւն պի­տի ու­նե­նայ՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նաչ­ման ա­ռու­մով»,- եզ­րա­փա­կեց ­Մա­նո­յեան: