Անցնող շաբաթավերջին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարար Կարէն Միրզոյեան աշխատանքային այցով Տանըմարք գըտնուեցաւ:
Այցելութեան ծիրէն ներս Ա.Գ. նախարարը հանդիպումներ ունեցաւ քաղաքական տարբեր  շրջանակներու ներկայացուցիչներու հետ, անդրադարձ կատարելով

ատրպէյճանաղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին մէջ ստեղծուած արդի իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ Ապրիլի սկիզբին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած ռազմական արկածախնդրութեան:
Մտքեր փոխանակուեցան տարածաշրջանային անվտանգութեան առընչուող շարք մը հարցերու շուրջ: Նախարարը ներկայացուց նաեւ Արցախի մէջ տեղի ունեցող պետականաշինութեան գործընթացը եւ ազատ ու ժողովրդավարական հա- սարակութեան ձեւաւորման ուղղութեամբ Արցախի ժողովուրդի եւ իշխանութիւններուն կողմէ ձեռնարկուող քայլերը:
Կարէն Միրզոյեան մասնակցեցաւ նաեւ Տանըմարքի մէջ Հ.Հ. դեսպանութեան կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 25ամեակին նուիրուած ընդունելութեան:
Նախարարը իր խօսքին մէջ  ներկայացուց Ար-ցախի անցած ուղին՝ նշելով, որ կարելի պիտի չըլլային Արցախի ձեռքբերումները՝ առանց Հայաստանի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան շարունակական օժանդակութեան: