altԼ.Ղ.Հ. նախագահի մակարդակով Պելճիքա այցելութիւնը Արցախի ճանաչման միջոցներէն է.- Այս մասին, ըստ Armenpress.amի, նշած է Հ.Յ.Դ. Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի հաղորդակցութեան պատասխանատու Պետօ Տէմիրճեան:

Անոր խօսքով՝ այցելութեան ընթացքին շեշտադրուած են քանի մը հարցեր.- Պելճիքայի քաղաքական գործիչներուն Ղարաբաղեան խնդիրին իրական պատկերի ներկայացում, Արցախի հետ յարաբերութիւններու խորացում, Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններու մանրամասն ներկայացում:
«Լ.Ղ.Հ. նախագահի մակարդակով Պելճիքա այցելութիւնը, ունեցած հանդիպումները ոչ միայն կը նպաստեն յարաբերութիւններու խորացման, այլեւ Արցախի ճանաչման միջոցներէն են: Ան բաւական յագեցած ծրագիրով եկած էր Պելճիքա, հանդիպումներ եղան ինչպէս Հայ Դատի գրասենեակի անձնակազմին, տեղի հայ համայնքին, այնպէս ալ տարբեր մակարդակներու վրայ խորհրդարանական պատգամաւորներու հետ: Նպատակն էր Արցախի հետ կապերը ամրապնդելը, յարաբերութիւնները խորացնելը: Բակօ Սահակեան դարձաւ Մեխելէն քաղաքի պատուոյ հիւրը: Յատկանշական է, որ ան արձանագրութիւն կատարեց Մեխելէն քաղաքի պաշտօնական գիրքին մէջ, ուր արձանագրութիւն կը ձգեն տարբեր երկիրներու նախագահներ, վարչապետներ, թագաւորներ»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան:
Ան Բակօ Սահակեանի այցելութեան ընթացքէն առանձնացուցած է քանի մը շեշտադրում. Առաջին, պատգամաւորներուն ոչ միայն ներկայացուած է Ղարաբաղեան խնդիրի իրական պատկերը, այլեւ՝ ընդգծուած, որ Ատրպէյճանի սանձազերծած գործողութիւններուն պէտք է տալ հասցէական գնահատական:
«Արցախը վճռական է խաղաղութեան պահպանման հարցով, կը ձգտի առաջ շարժիլ ժողովրդավարական կարգով, իսկ Ատրպէյճանը կը խոչընդոտէ: Ասիկա եղած է Բակօ Սահակեանի ուղերձը‘ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանին ուղղուած խօսքերը պէտք է ըլլան թիրախաւորուած: Ու եթէ պետութիւնը ճանչցուած չէ, ատիկա չի նշանակեր, որ իրաւունք չունի արարելու, ստեղծագործելու, այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններ ունենալու»,- ըսած է Պետօ Տէմիրճեան‘ ընդգծելով, որ Բակօ Սահակեանին այցը եղած է նաեւ տեղի լրատուամիջոցներու ուշադրութեան կեդրոնին:
Արցախի նախագահը ելոյթ ունեցած է ակադեմականներու մօտ‘ Համալասարանական հիմնադրամին մօտ: Ան հանդիպում ունեցած է տեղի հայ համայնքին հետ: Հայ համայնքը իր պատրաստակամութիւնը յայտնած է սատարելու Արցախին: Յառաջիկային առաւել պիտի աշխոյժանան Արցախի պետական, քաղաքական գործիչներու այցելութիւնները Եւրոպա: Շատ կարեւոր է Ղարաբաղեան խնդիրին մասին անձամբ եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացնելը:
Ինչպէս օրին հաղորդած էինք, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորած պատուիրակութեան այցելութիւնը Պելճիքա կազմակերպուած էր Եւրոպայի Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ: