9 Յունիսի գիշերը` ժամը 12:00էն 12:30, ատրպէյճանական կողմը անգամ մը եւս խախտած է ձեռք բերուած զինադադարի դրութիւնը եւ ռմբակոծած է Բաղանիս գիւղը: Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Բաղանիսի գիւղապետ Նարեկ Սահակեան:
Գիւղապետը նշած է, որ վնասուած են տանիքներ եւ պատուհաններ: «Բաղանիսի միջնակարգ դպրոցի 11րդ դասարանի աշակերտները արտադպրոցային աշխատանքէ մը վերադառնալու ճամբուն վրայ ստիպուած եղած են 30 վայրկեան սպասելու գիւղի սկզբնամասը` ապահովական պատճառներով: Այս բոլորէն անկախ, այսօր 9րդ դասարանի աշակերտները բնականոն կերպով կը կատարեն իրենց տարեվերջի քննութիւնը»,- գրած է Ն. Սահակեան: